Նախարար Հըննաուի Եասեր Հաժը Նշանակեց Իր Մարզական Հարցերու Խորհրդատուն
Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին անդամ, Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Եասեր Հաժը նշանակեց իր մարզական հարցերու խորհրդատուն:
1970-ի, ծնունդ Եասեր Հաժ բաւական տիրական ներկայութիւն եղած է լիբանանեան պասքեթպոլի աշխարհին մէջ, մանաւանդ որ ան 17 տարի մաս կազմած է Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբին` շարք մը այլ ակումբներէ բացի, եւ տիրացած բազմաթիւ տիտղոսներու, թէ՛ տեղական եւ թէ՛ ալ միջազգային մակարդակներու վրայ:
CATEGORIES Մարզական