2014-ի Պատանիներու Ողիմպիական Խաղերը Չինաստանի Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Manga_voghimbiagan-1Երբ Պատանիներու Ողիմպիական խաղերը ստեղծուեցան 2007 թուականին, Ողիմպիական միջազգային յանձնախումբը կ՛ուզէր առաջարկել մարզական ձեռնարկ մը` պատանիները քաջալերելու մարզանք ընելու:

Այս Ողիմպիականները ուղղուած են 15-18 տարեկան մարզիկներուն:

Անոնք պարզապէս «մինի» խաղեր չեն, այլ կու գան ամբողջացնելու իսկական Ողիմպիական խաղերը: Երկու տարին անգամ մը թէ՛ ամառնային, թէ՛ ալ ձմեռնային խաղեր կը կազմակերպուին: Այս տարի անոնք տեղի կ՛ունենան Չինաստանի Նանքին քաղաքին մէջ, ուր 204 երկիրներէ եկած 3808 մարզիկներ պիտի հաւաքուին եւ մասնակցին 222 մրցումներու, 28 տարբեր մարզաձեւերու մէջ:

Խաղերուն բացումը կատարուեցաւ շաբաթ, 16 օգոստոսին, մեծ հրավառութեամբ մը եւ վառեցաւ Ողիմպիական ջահը: Բացման հանդիսութեան մասնակցեցան հազարաւոր պատանիներ եւ ներկայ գտնուեցան աւելի քան 60 հազար հանդիսատեսներ: Հանդիսութեան ընթացքին ներկայացուեցան Չինաստանի պատմութիւնը եւ բազմաթիւ չին մեծ մարզիկներ:

Manga_voghimbiagan-3Manga_voghimbiagan-2

 

 

 

 

 

 

Իրենց երկիրներուն մէջ իբրեւ նոր յոյսեր համարուած այս պատանի մարզիկները արդէն իսկ նոր մրցանիշներ սկսած են արձանագրել: Անոնցմէ է չին Մենկ Չենկ, որ 56 քիլոյէն վար կշռողներու իր խումբին մէջ բարձրացուցած է 155 քիլօ` նոր մրցանիշ մը արձանագրելով:

 

Աշխարհի Ամէնէն Խաղաղ Երկիրը

Manga_khaghaghoutiouonԱմէն տարի «Ինսթիթիւթ ֆոր Իքոնոմիքս էնտ փիս» աւստրալիական կազմակերպութիւնը կը հաստատէ խաղաղութեան միջազգյին ցանկ ը: Ճիշդ է, որ եթէ երկիրներու` պատերազմի կամ խաղաղ վիճակի մէջ ըլլալը կարեւոր չափանիշ մըն է, սակայն ասիկա բաւարար չէ: Այս ուսումնասիրութեան հեղինակները նկատի կ՛առնեն նաեւ իւրաքանչիւր երկրի մէջ գործուած ոճիրներուն թիւը, զինեալներուն թիւը, դրացի երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները, մարդոց իրաւուքները յարգելու համեմատութիւնը, քաղաքական անկայունութիւնը եւ այլն…

***

Վերջին երկու տարիներուն պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող Սուրիա կ՛առնէ Աֆղանիստանին տեղը` իբրեւ ամէնէն նուազ խաղաղ երկիրը: Մինչ Իսլանտա կը շարունակէ գրաւելու աշխարհի ամէնէն խաղաղ երկիրներու ցանկին առաջին դիրքը: Ընդհանուր առմամբ, Եւրոպա ընդհանրապէս աշխարհի ամէնէն խաղաղ շրջանը կը համարուի, յատկապէս` սկանտինաւեան երկիրներուն պատճառով:

Կան նաեւ երկրորդական կէտեր, որոնք նկատի կ՛առնուին, ինչպէս` ուսման մակարդակը, իւրաքանչիւր բնակիչի միջին եկամուտը, ներգործութիւնը, կամ նոյնիսկ` բնակչութեան մէջ երիտասարդներուն թիւը… Ասոր կողքին, «Ինսթիթիւ ֆոր Իքոնոմիքս էնտ փիս» կազմակերպութիւնը հաղորդած է նաեւ 10 երկիրներու անունները, որոնք կրնան մինչեւ 2 տարի ծանր տագնապներ դիմագրաւել, ինչպէս` Զամպիա, Հայիթի, Պուրունտի կամ Վրաստան: Վերջապէս, ան կը նշէ, թէ աշխարհի մէջ պատերազմները եւ անապահովութիւնը շատ սուղի կ՛արժեն` խլելով աշխարհի հարստութեան 11 առ հարիւրը, այսինքն, օրինակի համար, Ափրիկէի բոլոր երկիրներու կողմէ արտադրուած հարստութիւններուն 2 անգամը:

 

Ո՞վ Որոշած Է Երկիրներու Սահմանները

Manga_sahmannerԱշխարհի երկիրներու սահմանները նոյն ձեւով չեն նշանակուած: Անոնք պատմութեան եւ աշխարհագրութեան արդիւնքն են:

  • Պատերազմներ եւ դաշնագիրներ

Սահմանները երբեմն կը գծուին երկիրներու միջեւ պատերազմներէ ետք: Երբ բանակ մը հողեր կը գրաւէ, անոր երկիրը կը մեծնայ, եւ սահմանները կը փոխուին: Սահմանները կախեալ կրնան ըլլալ նաեւ երկիրներու միջեւ բանակցութիւններէ: Օրինակի համար, 19-րդ դարու վերջաւորութեան Ափրիկէն բաժնուեցաւ եւրոպական երկիրներու կողմէ առանց ափրիկեցի ժողովուրդներուն կարծիքը առնելու:

  • Բնակիչներուն կամքը

Երբեմն ընտրութիւնը կը ձգուի բնակիչներուն, ինչպէս եղաւ պարագան, օրինակի համար, Չեխիոյ հանրապետութեան եւ Սլովաքիոյ: Այս երկու երկիրները ժամանակին մէկ երկրի մը երկու գլխաւոր շրջաններն էին, Չեխոսլովաքիա: 1992 թուականին սլովաքները կ՛որոշեն հիմնել իրենց անկախ երկիրը:

  • Աշխարհագրութիւնը

Կարգ մը սահմաններ հիմնուած են ըստ աշխարհագրութեան: Լեռնաշղթայ մը կամ գետ մը «բնական» սահման մը կրնայ կազմել, ինչպէս Փիրենեան լեռները կը նշեն Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ միջեւ սահմանը: Մինչ կարգ մը երկիրներ հաստատուած են կղզիներու վրայ, ինչպէս` Ճափոնը եւ Քուպան:

Manga_sahmanner-1Ո՞րն Է Երկու Երկիրներու Միջեւ
Ամէնէն Երկար Սահմանը

Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ սահմանը: Անիկա 8900 քմ երկարութիւն ունի. 6400 քմ Խաղաղական ովկիանոսէն Ատլանտեան ովկիանոս եւ 2500 քմ Խաղաղական ովկիանոսէն Արքթիք ովկիանոս:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

Գոյութիւն ունի կապիկներու տեսակ մը, որ կը փռնգտայ, երբ կ՛անձրեւէ:

Գոյութիւն ունի կապիկներու տեսակ մը, որ կը փռնգտայ, երբ կ՛անձրեւէ:

Ֆրանսայի Լուի 14-րդ թագաւորը կը հագնէր 10 սմ բարձր կրունկով կօշիկներ:

Ֆրանսայի Լուի 14-րդ թագաւորը կը հագնէր 10 սմ բարձր կրունկով կօշիկներ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Սակուարօ Քաքթիւսը տասը տարիէն միայն 2,5 սմ կը մեծնայ:

Սակուարօ Քաքթիւսը տասը տարիէն միայն 2,5 սմ կը մեծնայ:

Հնդկական հսկայ սկիւռը մանիշակագոյն մուշտակ մը ունի:

Հնդկական հսկայ սկիւռը մանիշակագոյն մուշտակ մը ու

Հաթշեփսութ Եգիպտոսի առաջին կին փարաւոնն էր: Ան կարմիր եւ սեւ եղունգի ներկեր կը գործածէր:

Հաթշեփսութ Եգիպտոսի առաջին կին փարաւոնն էր: Ան կարմիր եւ սեւ եղունգի ներկեր կը գործածէր:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

  • Հիւսիսայի Քորէայի մէջ ապօրինի է ճինզ տաբատ հագուիլը:
  • Աղաւնիները կրնան իրենք զիրենք ճանչնալ հայելիին մէջ:
  • Ազատութեան արձանը ծածկող պղինձը կ՛արժէ մօտաւորապէս 200 հազար տոլար:
  • Չինաստանի մէջ աւելի քան 50 միլիոն անձեր կ՛ապրին քարայրներու մէջ:
  • Գիտնականները կը մտածեն, թէ կարգ մը մոլորակներու վրայ ապակի կ՛անձրեւէ:
  • Մօտաւորապէս 300 փոսիկներ կան կոլֆի գնդակի մը վրայ:
  • Մօտաւորապէս 213 տարիներու ընթացքին Փարիզի մէջ կիներուն արգիլուած էր տաբատ հագնիլ: Բարեբախտաբար այդ օրէնքը շատ խստօրէն չէ պարտադրուած:
  • 1.9 միլիառ տարիներ առաջ երկրագունդին մեծ մասը հոտած հաւկիթի նման կը հոտէր:
  • Նիւ Եորքի մէջ մարդ մը տուգանք ստացած էր, որովհետեւ շատ բարձր կը խնդար:
  • Ընգղայի հազուագիւտ տեսակ մը միայն վեց թեւեր ունի:
  • Անգլիոյ Վիքթորիա թագուհիին հարսնիքի կարկանդակէն կտոր մը պահուած է 174 տարիէ ի վեր:
  • Կարգ մը վայրի ելակներ կրնան դեղին ըլլալ:
  • »Գիտնականները գտած են, թէ ոտքերդ իսկապէս կը պաղին, երբ դուն ջղային ըլլաս:
  • Կարգ մը արեւածաղիկներու հասակը կրնայ հասնիլ մինչեւ իրարու վրայ դրուած երկու փիղերու հասակին:
  • Ներկայի բջիջային հեռաձայնները շատ աւելի զօրաւոր են, քան` աստղանաւորդները լուսին ղրկած համակարգիչները:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս օգնել այս մարդամեքենային` գտնելու համար ձէթի շիշի ճամբան:

Կրնա՞ս օգնել այս մարդամեքենային` գտնելու համար ձէթի շիշի ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել վերի անկիւնի առաջին պատկերին եւ միւս պատկերներուն միջեւ գտնուող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել վերի անկիւնի առաջին պատկերին եւ միւս պատկերներուն միջեւ գտնուող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր վարը գտնուող երկու թիւերու գումարումին: Օրինակի համար 8+5=13:

Կրնա՞ս ամբողջացնել բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր վարը գտնուող երկու թիւերու գումարումին: Օրինակի համար 8+5=13:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )