Ձօն Վերապրող Ծաղկին

ՐԱՖՖԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Սիրոյ ջահը վա՛ռ պահեց, այդ մեծ մարդը վիրաւոր,
Սիրոյ առաքեալ էր ան, թէեւ մանկուց վիրաւոր,
Կեանքի ծիլ օրերուն արդէն`  դէմ էր մրրիկին սասկահով,
Ամպրոպն անքամ չկրցաւ այս ծիլը քանդել արմատով:

Վերապրո՛ղ էր, վերապրո՛ղ, հազիւ ծլած` պոկուա՛ծ,
Պոկուած` հազի՛ւ իր նեկտարն մեղուի սրտին դիպած,
Քշուած անդի՜ն արմատը կախ, դէպի խորթ ծաղկանոցին,
Որ թօշնի որբացած` նեկտարն տալով օտար փեթակին:

Վերապրո՛ղ էր, վերապրո՛ղ, մրրիկներու կամքին հակառա՛կ`
Այդ ծիլն դարձաւ ծաղիկ, ու ապա կեանքի սիրերգակ,
Ու նոր կեանք սերմանեց իր տոհմի՛կ արմատներէն կիսելով,
Կիսեց անդադա՛ր, մէ՜կ առ մէկ, մե՛ծ խնամքով, թել մ՛իսկ չխնայելով:

Վերապրող էր, ոչ լոկ իր անցեալով, այլ բոլո՛ր կեանքով արի,
Վրդովանքի մէջ` այս ծաղիկն դարձաւ հոմանիշը պայքարի,
Հողէն քաշեց յոյսի եւ հաւատքի ցանցառ սնունդներ`
Եւ բեղմնափոշին սփռեց չորս դին` որպէս ոգորման հունտեր:

Արդ հանգչած է ան, այս խորթ հողին տակ, անտունի,
Վերապրող այդ տիտանը կը սնուցանէ դե՛ռ մեզ,
Պայքարողներո՛ւ կարօտը ունի` իր պայքարը անաւա՛րտ,
Մինչ ատենօք ձախո՛րդ մրրիկը դե՛ռ կ՛ոռնայ անհանդարտ:

 

Թորոնթօ, Քանատա

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )