50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
ԶԷՆՔԻ ՁԱՅՆԵՐ
Ազդանշանը տուաւ Քրեմլինի մենատէրը:
Շրջանաւարտ սպաներու ամավերջի հանդիսութեան ընթացքին ճառ մը արտասանելով` ծանոյց երկու ծանրակշիռ լուրեր.
ա) Խորհրդային կառավարութիւնը հրահանգ տուած է ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան, որպէսզի դադրեցնէ 1961-ի համար նախատեսուած զօրացումը:
բ) Որոշուած է նոր վարկեր յատկացնել` զինուորական պատրաստութիւններու:
«Որովհետեւ Խորհրդային կառավարութիւնը չի կրնար անտես թողուլ Խորհրդային ժողովուրդին ապահովութիւնը»:
Այս օրերուն երբ պերլինեան տագնապը ճառամարտի փուլին մէջ է տակաւին, Խրուշչեւի այս զոյգ յայտարարութիւնները ցնցեցին արեւմտեան աշխարհը, եւ առաջին հերթին` Միացեալ Նահանգները:
Ուրեմն, ճառամարտի փուլը շուտով վերջ պիտի գտնէ, եւ լուրջ ու գործնական քայլերու շրջանը պիտի սկսի:
Հազիւ 24 ժամ անց, Ամերիկա հակազդեց: Նախագահ Քենետիի հրահանգով տասնհինգ օր պայմանաժամ տրուեցաւ Փենթակոնին ամերիկեան ուժերը վերգնահատման ենթարկելու: Իբրեւ առաջին քայլ` որոշուած է շինել 700 գերձայնային ռմբաձիգները, որոնք պիտի գան զօրացնելու ազատ աշխարհի այժմու ամէնէն ահարկու զէնքը` «Սթրեթեճիք էր քըմմենտ»:
Մ. Նահանգներու պաշտապանութեան փոխ նախարար Կիլփեթրիք մինչեւ իսկ հաւանական նկատեց ամերիկեան պահեստին կարգ մը ստորաբաժանումներու զօրակոչը, ինչ որ ինքնին լուրջ վտանգի մը գոյութիւնը կը փաստէ:
Միաժամանակ, նախարար Տին Ռասք բարձր բարոյականով դրոշմուած ճառ մը արտասանեց ամերիկեան Ազգային մամուլի ակումբին մէջ` յայտարարելով.
«Ազատ ընտրութեամբ ապրող աշխարհի մը բախտն է, որ պիտի որոշուի այս տագնապի օրերուն»:
Եթէ այս բոլորին վրայ աւելցնենք այն վճռական յայտարարութիւնը, որ ունեցաւ վարչապետ Ատենաուըր Պերլին այցելելով, կը ստանանք լրիւ պատկերը կացութեան մը, որ պայթուցիկ դարձած է:
Եթէ արեւմտեանները տեղի տան Պերլինի մէջ, ծանր պիտի ըլլան այդ նահանջին հետեւանքները ոչ միայն Եւրոպայի, այլ նաեւ` համայն աշխարհի մէջ: Միւս կողմէ, ընդունած պիտի ըլլան այն գոյավիճակը, որ Խորհրդային Միութիւնը բռնի միջոցներով ստեղծեց Եւրոպայի մէջ` իր տիրապետութեան տակ առնելով արեւելեան եւ կեդրոնական Եւրոպայի երկիրները:
Պերլինի հարցը բոլոր պայմանները կը լրացնէ ծանր տագնապ մը դառնալու համար:
Եւ սակայն այդ տագնապը աշխարհամարտի մը շղթայազերծման պատճառ պիտի դառնա՞յ:
Խորհրդային վարչապետը, որ շատ վարպետ է մինչեւ պատերազմի վիհը երթալու եւ անկէ ետ դառնալու արուեստին մէջ, շատ հաւանաբար այս անգամ եւս առագաստները ծալէ` անդարմանելին գործելէ առաջ:
Ու պատճառը շատ պարզ է: Այսօրուան ահարկու զէնքերով, որոնց մասին ընդհանուր ակնարկ մը տուած էինք մեր յաջորդական թիւերով, պատերազմը կը դառնայ գրեթէ անկարելի, որովհետեւ վստահօրէն ոչ մէկ պատերազմիկ պիտի կրնայ ընդհանուր աւերումէ խուսափիլ:
Մեկնելով այն իրողութենէն, որ փխրուն խաղաղութիւն մը նախընտրելի է որեւէ տեսակի պատերազմէ, մարդկութեան ճակատագրին պատասխանատուները պիտի չառնեն վերջին քայլը:
Կրնայ պատահիլ, որ զէնքի ձայները յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին ընդհանուր ժխորի վերածուին, մանաւանդ երբ լրումին հասնի Խրուշչեւի դրած վեցամսեայ պայմանաժամը: Բայց միշտ ալ պիտի գտնուի մէկը, երկու կողմէն, սանձելու համար Քըրթիս Լը Մէյի մը կամ Մոսքալենքոյի մը եռանդը: