Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ինչ գործի որ ձեռնարկէք, յաջողութեամբ պիտի աւարտէք: Օրուան ընթացքին պիտի լսէք գնահատական խօսքեր: Գոհ պիտի մնաք ձեր աշխատանքէն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր աշխատանքի վայրին մէջ պիտի ունենաք նոր դէմքեր` իբրեւ աշխատող թէ վերակացու: Ձեր հետաքրքրութիւնը պահեցէք զանոնք ճանչնալու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Անակնկալ ձեւով գումար մը պիտի անցնի ձեր ձեռքը: Մեծ գումար մը չէ, բայց օրը պիտի բախտաւորուի: Քիչով գոհանալը համեստութիւն է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գլուխ գլխի հանդիպում մը ձեզ պիտի ուրախացնէ, որովհետեւ անձը ունի ձեր հետաքրքրութիւնը յագեցնող յատկանիշներ: Յարգեցէք զայն, կը շահիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Խորհրդակցական հանդիպումի մը պիտի հրաւիրուիք: Տուէք ձեր տեսակէտը, եթէ անոնք չհամընկնին ներկաներուն կարծիքին, մի՛ վրդովիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Վաճառատուներու ցուցափեղկերուն դիմաց երկար մի՛ տնտնաք, գնեցէք, ինչ որ ձեզի անհրաժեշտ է: Նորաձեւութիւնը միշտ գեղեցիկ չէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Գերադասութեան մարմաջը ձեր դէմ կրնայ ելլել: Փաստուած է եւ այս մասին կը վկայեն փիլիսոփաներ: Մնացէք համեստ եւ գոհացէք ձեր ունեցածով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Անցած օրերու յաջողութիւնները յիշեցէք եւ մոռցէք այն բոլորը, որոնք ձեր սիրտը կը նեղեն: Մոռնալը այս պարագային ուրախութեան դուռը կը բանայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ինչ որ էք, զայն ցոյց տուէք: Ուրիշներու նմանելու ձեր փորձը ձախողութեան կը տանի: Լաւ ճանչցէք ձեր ինքնութիւնը եւ կեղծիքի մի՛ դիմէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Անձ մը, որուն ծանօթ էք, ձեր նամակին կամ այլ լուրերուն կը սպասէ: Քանի որ գիտէք, թէ պարտաճանաչ չէք եղած, ուրեմն վճարեցէք ձեր պարտքը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բնութիւնն է միակ ամոքիչը եւ խորհրդատուն` ձեր կեանքը դասաւորող: Ունիք կարողութիւնը եւ մտային պաշարը` հետեւելու ձեզի տրուած ուղղութեան:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Այս օրերուն պէտք եղածէն աւելի մսխած էք, ուշադիր եղէք եւ ձեր խնայած գումարը յումպէտս հովին մի՛ տաք: Վաղը շատ պէտք պիտի ունենաք յաւելեալ գումարի: Իմաստուն եղէք:

