50 Տարի Առաջ (25 Օգոստոս 1964)
Ողիմպիական Ջահը
Երէկ Պէյրութ Հասաւ
Պիտի Մնայ Մինչեւ Վաղը
Ճամբան Շարունակելու Համար
Մինչեւ Թոքիօ
Ողիմպիական ջահը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին Պոլսէն հասաւ Պէյրութ, շաբաթ օր ճամբայ հանուած ըլլալով Ողիմպոս լերան ստորոտէն: Փոխադրութիւնը կատարեց ճափոնական օդանաւ մը, որուն մէջ կը գտնուէր նաեւ Թոքիոյի 18-րդ Ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբին նախագահը: Մասնաւոր լամբարի մը մէջ դրուած` թանկագին բոցը Խալտէի օդակայանը հասաւ ընդհանուր խանդավառութեան մթնոլորտի մը մէջ:
Լիբանանեան կառավարութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, Ճափոնի դեսպանը եւ մարզական ֆետերասիոններու անդամներ ճափոնական եւ լիբանանեան պատկերասփիւռներու քամերաներուն առջեւ ներկայ եղան ծիսական արարողութեան: Ճափոնական յանձնախումբին նախագահը ջահ մը վառեց բոցէն, փոխանցեց լիբանանեան Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Կապրիէլ Ժեմայէլի, որ իր կարգին զայն տուաւ Պէյրութի քաղաքապետ Էմիլ Եանիի: Այս վերջինը, յանուն կառավարութեան, ջահը տուաւ առաջին մարզիկին, գունդ նետելու լիբանանցի ախոյեան տեղակալ Մաքխուլի:
Տեղակալը, բարձր բռնած բոցավառ ջահը, պատշգամներու վրայ լեցուած բազմութեան ծափահարութիւններուն մէջէն սկսաւ վազքի մը, որ հանգրուան առ հանգրուան պիտի շարունակուէր մինչեւ Մարզական աւան, քառասուն մարզիկներու ձեռքէն անցնելով:
Ողիմպիական բոցը այսպէսով հետեւեցաւ երկար շրջագծի մը` նախ հասնելով Պուրճի հրապարակը, ուր վարչապետ Հիւսէյն Ուէյնի զայն ընդունեց անհամար բազմութեան մը մէջ:
Մարզական աւան հասնելով` բոցը վերջապէս փոխանցուեցաւ ըմբշամարտի ախոյեան Էլի Նաասանի, որ պատիւն ունեցաւ վառելու աւանին ջահը:
Մինչեւ չորեքշաբթի Ողիմպիական բոցը պիտի վառի Պէյրութի մէջ, ապա ճամբայ պիտի հանուի դէպի Թեհրան, անկէ Հնդկաստան, ի վերջոյ հասնելու համար Թոքիօ:
ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական
Հանդէսը Պուա Տը Պուլոնիայի Մէջ
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան Սկաուտական վերին խորհուրդին կազմակերպած հինգերորդ դպրոց-բանակումը վերջ գտաւ կիրակի, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Լիբանանի բոլոր շրջաններու սկաուտական հանդէսով:
Պուա տը Պուլոնիայի մուտքի անտառին մէջ սարքուած այս հանդէսին ներկայ եղան Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի նախագահ Ապտել Ուահապ Ռիֆայի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան եւ ՀՄԸՄ-ի բազմաթիւ համակիրներ:
Շրջանային վարչութեան անունով հանդէսին բացումը կատարեց Անդրանիկ Ուրֆալեան: Գեղարուեստական յայտագիրը գործադրուեցաւ անթերի կարգով` ղեկավարութեամբ Ճանիկ Ոսկերիչեանի:
Խօսք առաւ Ապտել Ուահապ Ռիֆայի` դրուատելով ՀՄԸՄ-ի ամբողջ կազմակերպութիւնը եւ ի մասնաւորի սկաուտական շարքերը:
Հանդէսը վերջ գտաւ «Յառաջ, նահատակ»-ով:

