Կենցաղային Նիւթեր. Քէյմպրիճի Համալսարանը Կը Փնտռէ «Տուրմի Դոկտոր» Մը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Տուրմը կը հալի մարդկային մարմնին ջերմաստիճանին համազօր տաքութեան տակ:
ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ` ԳՏՆԵԼ ՁԵՒԸ, ՈՐ ՏՈՒՐՄԸ ՉՀԱԼԻ ՋԵՐՄ ԿԼԻՄԱՅՈՎ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.
Գիտնականներ եւ տուրմի սիրահարներ այժմ առիթը ունին քաղցրեղէնի իրենց սէրը գագաթնակէտի հասցնելու` դառնալով տուրմի դոկտոր` Քէյմպրիճի համալսարանին մէջ:
Համալսարանին քիմիագիտական ճարտարագիտութեան եւ կենսաարհեստագիտութեան բաժանմունքը կը փնտռէ դոկտորայի թեկնածու մը, որ ուսումնասիրէ տուրմը ջերմ կլիմաներու մէջ պահելու հարցը` որոնելով «ջերմութեան տոկալու տուրմին հիմնական յատկանիշները»:
Թեկնածուներ, որոնք կը փափաքին ուսումնասիրել տուրմը, պէտք է իրենց դիմումնագիրները ներկայացնեն մինչեւ 29 օգոստոս:
Տուրմի ապագայ դոկտորէն կ՛ակնկալուի «հետազօտել այն ազդակները, որոնք առիթ կրնան տալ տուրմին, որ ջերմ կլիմաներու մէջ պահէ իր կարծրութիւնը եւ` մնացեալ բոլոր յատկանիշները, զորս կը սիրեն սպառողները»:
Ուսումնասիրութիւնը «գլխաւորաբար փորձառական» բնոյթ ունի, սակայն կը պահանջէ ուսողութեան լաւ գիտելիքներ, կ՛ըսէ յայտարարութիւնը:

