Կենցաղային Նիւթեր. Ինչպէ՞ս Կարելի Է Մանուկները Համոզել, Որ Բանջարեղէն Ուտեն
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԴԺՈՒԱՐ Է ԻՐԵՆՑ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄՈԶԵԼ, ՈՐ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՃԱՇԵՐ ՈՒՏԵՆ: ՍԱԿԱՅՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ՀՆԱՐՔՆԵՐ ԱՐԴԻՒՆՔ ԿՈՒ ՏԱՆ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ»:
Բանջարեղէնները աւելի սննդարար են մանուկներուն համար, քան` քաղցրեղէնը, չորեղէնը եւ պըրկըրները: Կենսանիւթեր, բնաթելեր եւ հակաթոյներ աւելի հաւանական է, որ երաշխաւորեն մանուկի մը առողջ, կենսունակ եւ բարեձեւ կազմը: Բոլորս գիտենք այս մէկը: Նոյնիսկ վերնագիրի արժանի լուր չէ այս հաստատումը:
Մարտին կատարուած վիճակագրութիւն մը ցոյց տուած էր, թէ հինգ մանուկէն միայն մէկը ամէն օր բանջարեղէն կ՛ուտէ, իսկ անոնց 10 առ հարիւրը բացարձակապէս կը մերժէ բանջարեղէն ուտել:
«Էքշըն ան շուկըր» (շաքարի դէմ միջոցառում) քարոզարշաւին համաձայն, Բրիտանիոյ մէջ 10-11 տարեկան հինգ մանուկէն մէկը այժմ սոնքութենէ կը տառապի, իսկ երեք մանուկէն մէկը բնական ծանրութենէն աւելի կը կշռէ: Հետեւաբար ինչո՞ւ մեծ թիւով ծնողներ առիթ կու տան, որ իրենց զաւակները յղփանան ճանք ֆուտով եւ զանց առնեն որեւէ ուտելիք, որ կանաչ է եւ տերեւներ ունի:
Բազմաթիւ մանուկներ կը սկսին բանջարեղէնը մերժել տակաւին նորածին տարիքէն: Պատճառը մասամբ համի զգացողութիւնն է: «Բազմաթիւ բանջարեղէններ զուրկ են մարդկային քիմքը հաճոյացնելու բնական յատկութենէն, բաղդատած` զանազան գործընթացներով պատրաստուած ուտելիքներու արդի տարբերակներու, որոնց նպատակը հաճելի թուիլն է,- ինչպէս կ՛ըսէ Եունիւըրսիթի քոլեճ Լանտընի ախտաբանութեան եւ հանրային առողջապահութեան բաժանմունքի հոգեբանութեան դասախօս Ճէյն Ուարտըլ:- Ժամանակի ընթացքին կ՛իւրացնենք անոնց համը: Մեզմէ քիչեր կարօտով կը յիշեն իրենց կերած առաջին Պրիւքսէլի կաղամբը»:

Պրիւքսէլի կաղամբը այնքան ալ համով ուտելիք մը չէ:
Անշուշտ կան բազմաթիւ միջոցներ` մանուկները համոզելու, որ ոլոռն, լուբիա, կանաչ տերեւներ եւ արմատներ ուտեն, որպէսզի իւրացնեն անոնց համը: «Բանջարեղէն մը հրամցուցէք ձեր զաւկին եւ ի մտի ունեցէք, թէ բազմաթիւ առիթներով պէտք է կրկնէք եւ համոզէք, որպէսզի անոնք նոր բան մը փորձեն», ինչպէս խորհուրդ կու տայ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանին մէջ հոգեբանութեան դասախօս Էտուըրտ Ապրամսըն:
«Սկսեցէք փոքր պատառով մը, եղունգի չափ, ապա բարենիշ մը տուէք իբրեւ վարձատրութիւն», խորհուրդ կու տայ Ուարտըլ:
Նոր ուտելիքներու նկատմամբ վախը (ֆուտ նէոֆոպիա) հաւանաբար բնական է եւ ժառանգական: Ի ծնէ կը նախընտրենք բարձր ջերմուժով ուտելիքներու հաճելի համը: Անցեալին այս մէկը անհրաժեշտ էր գոյատեւումի համար, երբ ուտելիքը հազուագիւտ էր: Աւելի նպատակայարմար էր առանց յատուկ ճիգի բարձր համեմատութեամբ ջերմուժ ստանալ, օրինակ` մեղրէն: Այսօրուան նստակեաց կեանքին մէջ անցեալի այս անսանձ մղումը գլխաւոր պատճառն է 21-րդ դարու սոնքութեան երեւոյթին, որ հետզհետէ կը վատթարանայ բարգաւաճ երկիրներու տարածքին:
Բազմաթիւ մասնագէտներ կը հաւատան, թէ անծանօթ համերու նկատմամբ զգուշաւորութիւնը եղափոխութեան հետեւանք է: Անիկա ապահովական մեքենական դրութիւն մըն է, որ օրինակ` բնութեան մէջ թափառող մանուկները կը պաշտպանէ թունաւոր հատապտուղներէն: Թերեւս անձկալից ծնողներու համար մխիթարութիւն է գիտնալ, թէ մանուկներու համար բնական է այս ձեւի հակազդեցութիւնը: Անոնք անպայման դժուարահաճ կամ ըմբոստ չեն:
Ծնողներու կեցուածքներ երբեմն կրնան վատթարացնել հարցը: Մանուկներ կը դիտեն եւ կ՛ընդօրինակեն չափահասները: Այս ձեւով է, որ կը սորվին: Երբ մանուկը չի տեսներ ախորժակով բանջարեղէն ուտող չափահասներ, ապա հաւանական չէ, որ բանջարեղէն ուտէ: «Թոյլ մի՛ տաք հայրերուն, որ իրենց զաւակներուն ըսեն, թէ բանջարեղէն չեն սիրեր», խիստ կերպով կը զգուշացնէ Ուարտըլ:
«Բանջարեղէններուն արդէն կ՛ընկերակցի ծնողական ճնշումը,- կ՛ըսէ Ուարտըլ:- Քանի՞ անգամ ըսած ենք մեր զաւակներուն` «կը բաւէ` չիփս ուտէք», եւ քանի՞ անգամ` «կը բաւէ` աղցան ուտէք»: Որոշ չափի ճնշում մը սխալ չէ, սակայն մանուկներ շատ արագ կը հասկնան լուռ պատգամը. «Հաճելի բան մը չէ ըսել, բայց պէտք չէ ուտէք»:
Սակայն, արդեօք կարելի՞ է կիրարկել բանջարեղէնը ճաշերու մէջ թաքցնելու միջոցներ: Խմորեղէնի յատուկ թացաններ արտադրող ընկերութիւն մը շուկայ իջեցուցած է «Հիտըն վեճըթըպըլզ» (թաքնուած բանջարեղէններ) անունով շարք մը թացաններ, որոնք ծնողներու առիթ կու տան աննկատ եւ առանց երկար վէճերու իրենց զաւակներուն ստամոքսը հասցնելու տարբեր տեսակի բանջարեղէններ: Վաճառքի լաւ ձեւ մըն է, թերեւս նաեւ արդիւնք կու տայ, սակայն չի ծառայեր մանուկին սննդառական սովորութիւնները շրջելու երկար ժամանակի վրայ:

Կարելի է բանջարեղէնի փոքր կտորներ աւելցնել ապուրին:
Ճէյն Ուարտըլ կ՛առաջարկէ բանջարեղէնի փոքր կտորներ դնել ապուրի եւ ջրոտ ճաշերու մէջ, ապա, երբ մանուկը կը սկսի վարժուիլ, աւելի մեծ կտորներու վերածել զանոնք: «Ռակու» վաճառանիշով թացաններ արտադրող ընկերութեան կողմէ կատարուած վիճակագրութեան մը համաձայն, մանուկներուն ամէնէն աւելի սիրած բանջարեղէններն են` ստեպղինը, ոլոռնը, վարունգը, եգիպտացորենը եւ բրքուկը (պրոքոլի): Իսկ անոնց չսիրած բանջարեղէններուն շարքին են` Պրիւքսելի կաղամբը, կաղամբը, շոմինը, շողգամը եւ սունկը:
Բանջարեղէնը կարելի է փոքր կտորներու վերածել եւ դնել պանիրով պատուած քիշ-երու մէջ, շոմինը կարելի է ջարդել եւ խառնել թացաններու, սակայն թրջուած տերեւներու կոյտ մը հաճելի չէ մանուկի մը պնակին մէջ: Կարեւորը բանջարեղէնը ուտելի վիճակով ներկայացնելն է, եւ ոչ թէ` զայն թաքցնելը: «Ռակու»-ի կողմէ կատարուած վիճակագրութիւնը ի յայտ բերած է, թէ ծնողներուն 32 առ հարիւրը կը փորձէ թաքցնել բանջարեղէնները, իսկ 26 առ հարիւրը զանոնք կը խառնէ թացաններու մէջ: Անշուշտ հարցը ռազմավարութիւններ մշակելն է եւ ամէն օր դրական օրինակ ծառայելը` ցոյց տալու համար, թէ բանջարեղէնները հոյակապ ուտելիքներ են, եւ ոչ թէ` տհաճ կամ աւելորդ չարիք, որ կը պարտադրուի խեղճ ծնողներուն կողմէ` իրենց անուղղայ զաւակներուն:
Կարելի է նաեւ խօսիլ քանի մը անմեղ սուտեր, սակայն շատ հաւանաբար մանուկներ պիտի չհաւատան, թէ բրքուկը մազ կը բուսցնէ իրենց կուրծքին կամ շոմինը զիրենք Փոփէյի պէս ուժեղ կը դարձնէ: Այսինքն մանուկներ միայն այնքան կը հաւատան նման պատմութիւններու, որքան` Կաղանդ Պապային, երբ արդէն իրենց ըսուած է, թէ ան իրական չէ: Նաեւ որոշ ճշմարտութիւն կայ ստեպղինին վերագրուած այն առաւելութեան մէջ, թէ զայն ուտելով` նոյնիսկ մութին մէջ կը սկսինք տեսնել. ստեպղինը հարուստ է Ա. կենսանիւթով եւ ռեթոնոլ նիւթով, որոնք կը զօրացնեն տեսողութիւնը: Մայրեր եւ մեծ մայրեր միշտ ալ ճերմակ սուտեր խօսած են. օրինակ` կաղամբ ուտելը կը գանգուրցնէ մազերը: Այս բոլորը չեն վախցներ մանուկները, այլ չափահաս դառնալէ ետք անոնք կը սկսին իրապէ՛ս հաճոյքով ճաշակել իրենց բանջարեղէնը:

