Կենցաղային Նիւթեր. Սննդեղէնը` Իբրեւ Դարման

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

«Ծնեբեկի փունջ մը». Էտկար Մանէ:

«Ծնեբեկի փունջ մը». Էտկար Մանէ:

ՆԵՐԿԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԵԾ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՏՐՈՒԻ ՈՒՏԵԼԻՔԻ, ԽՈՀԱՐԱՐՆԵՐՈՒ, ՍՆՆԴԱՌԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒ, ՆՈՐ ՃԱՇԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԵՓԵԼՈՒ ՅԱՅՏԱԳԻՐՆԵՐՈՒ: ԿԸ ԹՈՒԻ, ԹԷ ԱՇԽԱՐՀԸ ՀԱՒԱՔԱԲԱՐ ՀԱՄԱԿՈՒԱԾ Է ԻՐ ՍՊԱՌԱԾ ՈՒՏԵԼԻՔՈՎ: ՍԱԿԱՅՆ Ի՞ՆՉ Է ՈՒՏԵԼԻՔԻ ԱՅՍ ՄԱՐՄԱՋԸ, ԲԱՑԻ ԱՆՇՈՒՇՏ` ՖԻԶԻՔԱՊԷՍ ԳՈՅԱՏԵՒԵԼԷ: «ՏԸ ՖԻԼՈԶՈՖԸՐ՛Զ ՄԷՅԼ» ԿԸ ԿՈՒ ՏԱՅ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ-ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ՀԵՏԱՔՐՔԱԿԱՆ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ԶՈՐՍ ԿԱՐԴԱԼԷ ԵՏՔ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՏԱՐԲԵՐ ՁԵՒՈՎ ՊԻՏԻ ՃԱՇԱԿԵՆՔ, ՕՐԻՆԱԿ, ԴԵՂՁ ՄԸ…

Հարցումը հազուադէպօրէն քննարկուած է եւ քիչ մը տարօրինակ կը հնչէ: Սակայն ուտելիքը պարզապէս «ուժի աղբիւր չէ»: Անիկա որոշ չափով կը գոհացնէ մեր հոգեբանական կարիքները: Այսինքն ունի կարգ մը բուժիչ յատկութիւններ:

Պատճառը այն է, որ իւրաքանչիւր ուտելիք ոչ միայն ունի սննդառական արժէք, այլ նաեւ` հոգեբանական: Արժէքը կը բխի անոր բնոյթէն: Իւրաքանչիւր ուտելիք բան մը կ՛ըսէ բնաւորութեան տեսակի մը մասին, ուղղուածութեան կամ` աշխարհը հասկնալու: Այսինքն կարելի պիտի ըլլար ըսել, թէ ո՛վ է «ան», եթէ յանկարծ վերածուէր անձի մը: Կարելի է զայն վերագրել սեռի մը, աշխարհահայեացքի մը, ոգիի մը, նոյնիսկ` քաղաքական ուղղութեան մը:

Օրինակ` կիտրոնը. սննդառական առումով` 100 կ կիտրոնը կը պարունակէ 29 ջերմուժ, 2.8 կ բնաթել, 2.5 կ շաքար, եւ այլն: Սակայն հոգեբանական առումով, անիկա նաեւ կը պարունակէ «բաղադրեալներ»: Ուտելիք մըն է, որ բաւական պերճախօս ձեւով «կը խօսի» հարաւի մասին, արեւուն, տոկունութեան եւ յոյսի, առաւօտի եւ պարզութեան մասին: Անիկա կը հրաւիրէ գործի, կ՛ուզէ, որ գօտեպնդուինք, կեդրոնանանք մեր ընելիքին վրայ: Անիկա դէմ է զգացականութեան, բիրտ կերպով անկեղծ է, սակայն` ազնիւ: Կամ օրինակ` կաղինը. դարձեալ ունի սննդական բարձր արժէք, սակայն միաժամանակ կը խտացնէ աշնանային կազդուրիչ չորութիւն, հասունութիւն, զգօնութիւն, ինքնաբաւութիւն եւ մանկական կոկիկութիւն:

Ուտելիքները կը պարունակեն կեանքի փիլիսոփայութիւններ, որոնց կը փորձենք հասնիլ` ամէնէն ուղղակի եւ հասկնալի միջոցով, այսինքն` ուտելով: Ֆիզիքապէս կ՛ուտենք, սակայն նաեւ կը փորձենք մեր հոգիին մէջ առնել հոգեբանական այն սնունդը, որուն գոյութիւնը կը զգանք բնազդով: Կը ցանկանք, որ ուտելիքը խթանէ մեր նկարագիրին որոշ կողմերը եւ հատուցէ մեր հոգեկան որոշ տկարութիւնները: Այսպէս է, որ ուտելիքը ոչ միայն կը զօրացնէ եւ կը վերականգնէ մեր մարմինը, այլ նաեւ կը վերահաւասարակշռէ մեր այլանդակուած հոգիները:

Կը փափաքինք, որ մեր ճաշակած ուտելիքները օգնեն մեզի` քիչ մը նմանելու իրենց: Կը փափաքինք իւրացնել աւոքատոյին ինքնավստահ հանդարտութիւնը, թուզին զգայնոտութիւնը, ոստրէին արժանավայել ներամփոփ կեցուածքը, ծնեբեկին վճռակամ անհատականութիւնը: Կտոր մը սթէյք կը գնենք` խանդավառութեան եւ քաջութեան իբրեւ յանձնառութիւն, մեղրին կը դիմենք` կշիռ տալու համար ցանկութեան մը, զոր կարելի է գոհացնել պարզութեամբ:

Ուտելիքը Կը Վերահաւասարակշռէ Մեզ

Բոլորս ձեւով մը անհաւասարակշիռ ենք: Շատ մտաւորական ենք կամ շատ զգացական, շատ արական կամ շատ իգական, շատ հանդարտ կամ շատ դիւրագրգիռ: Մեր սիրած ուտելիքը ձեւով մը կը հատուցէ մեր պակասը, այսինքն կը վերահաւասարակշռէ մեզ: Երբ ուտելիք մը կը գրգռէ մեր ախորժակը, պատճառը հաւանաբար այն է, որ անիկա կը խտացնէ մեր կեանքին անհրաժեշտ յատկանիշներ: Թերեւս կը պարունակէ այն հանդարտութիւնը, որուն կը ձգտինք, գուրգուրանքը, որուն պակասը կը զգանք մեր աշխատավայրին կամ յարաբերութիւններուն մէջ (դեղձը լաւ օրինակ մըն է): Ուտելիք մը, որ «համով» կը թուի մեզի, կը պարունակէ հիմնական յատկանիշներ, որոնք կը պակսին մեր հոգեկան աշխարհին մէջ եւ ոչ միայն` մեր ստամոքսին: Ուտելիքին զօրութեան սահմաններուն մէջ է աւելի ամբողջական մեր տարբերակը ստեղծելու կարողութիւնը:

Ուտելիքը Մեզ Հաղորդակից Կը Դարձնէ
Մեր Էութեան Կարեւոր, Սակայն Առայժմ
Խաբուսիկ Մէկ Մասին

Բարդ եւ բազմաշերտ արարածներ ենք: Մեր էութեան յատկանշական բոլոր երեւոյթները չեն, որոնք տուեալ ժամանակի մը մէջ կը յայտնուին: Շատ երկար է մեր պատմութիւնը եւ շատ բաներ կը պատահին մեր ներկայ կեանքին մէջ: Այնքան, որ չենք տեսներ հիմնականը: Օրինակ` անձի մը բնաւորութեան զուարթ մէկ յատկանիշը կրնայ թաղուած մնալ, կամ պարզ բաներով լուռ եւ թաքուն հրճուելու յատկանիշը կրնայ անտեսուիլ (սակայն` չկորսուիլ) առօրեայ կեանքի բնական պահանջներուն ճնշումին տակ:

Որոշ ուտելիքներու ուժը երբեմն կ՛օգնէ վերականգնելու յիշողութիւններ եւ կապակցութիւններ, կ՛ապահովէ հասողութիւն` մեր հոգեբանութեան մէջ անտեսուած բաներու: Օրինակ` մէկը կարիքը կրնայ զգալ ձուկ եւ տապկուած գետնախնձոր ուտելու կրպակէ մը` վերագտնելու համար իր 8 տարեկանի ուժը, թարմութիւնը եւ գոյութեան խանդավառութիւնը, զորս կը զգար այդ տարիքին:

Ուտելիքի շնորհիւ կրնանք վերահաստատել կապը մեր անձնական կեանքին հիմնական, սակայն արագ մոռցուած ժամանակաշրջաններուն հետ:

Ուտելիքը Կրնայ Օգնել`
Փոխելու Մեր Կեանքը

Ուտելիքները կը կրեն փիլիսոփայութիւններ` աւելի ազնիւ ըլլալու, քաղցրութեամբ վարուելու, քաջութիւն սորվելու, եւ այլն:

Երբ կը փորձենք փոխել մեր կեանքը (յաճախ կարիքը կը զգանք փոխելու), ուտելիքը կրնայ դեր մը խաղալ: Անշուշտ պէտք է դիմենք նաեւ այլ միջոցներու. օրինակ` կարդալ գիրքեր, որոնք մեզ կրնան առաջնորդել ճիշդ ուղղութեամբ, մենք մեզ շրջապատել բարեկամներով, աշխատանք մը կատարել, արձակուրդի երթալ… Սակայն ուտելիքը կրնայ նպաստել ներքին բարեփոխութեան այս ճիգին:

Չի նմանիր սննդականոնի հետեւելու: Կարծէք կեանքի մէջ միակ բանը, որ պէտք է փոխուի, մեր ծանրութիւնը ըլլար: Կրնանք ուտելիքի դիմել` նուազ խայտաբղէտ կեանք մը ապրելու համար կամ աւելի յաճախ կապեր հաստատելու այլոց հետ, աւելի սերտ կապ մը զգալու մեր երկրին հետ… Ուտելու մեր ոճը կը խթանէ մեր ձգտումը` դառնալու այն անձը, որ կը փափաքինք ըլլալ:

Ուտելիքը Կրնայ Հատուցել
Կրօնի Նահանջը

Կրօնի դերերէն մէկը ծիսակատարութիւնն է. ճշդել թուական մը` մտածելու համար կարեւոր գաղափարներու եւ փորձառութիւններու մասին: Սակայն նման ծիսակատարութիւններու կեդրոնը յաճախ ուտելիքն է, ընտրուած` յատուկ նպատակով, որովհետեւ կը խորհրդանշէ այն, ինչ որ տուեալ կրօնը պիտի ուզէր լուսարձակի տակ առնել:

Օրինակ` Զեն պուտտայականները բարեկամութեան արժէքը յիշելու կը հրաւիրուին` յատուկ ձեւով պատրաստուած եւ դանդաղ խմուած գաւաթ մը թէյի շուրջ: Քրիստոնէութեան կանուխ ժամանակներուն հաւատացեալներ կը մէկտեղուէին` Փրկիչը յիշելու համար ազնուական, բայց միաժամանակ խոցելի գառնուկի միսը ճաշակելով: Հրեաները կ՛օգտագործեն առանց թթխմորի պատրաստուած հաց մը եւ վայրի բողկ` խորհրդանշելու համար այն քաջութիւնը, զոր հաւատացեալներ ցուցաբերած են Եգիպտոսէն խոյս տալու ժամանակ:

Կրօններ ուտելիքի ճամբով կը թելադրեն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապրիլ կեանքը: Թերեւս անոնց պատգամը այլեւս գրաւիչ չէ, սակայն հիմնական գաղափարը, այսինքն որոշ վիճակներու մէջ որոշ ձեւով մտածելու եւ զգալու մղող ուտելիքին յատկութիւնը օգտագործելը շատ գործնական միջոց մըն է մինչեւ այսօր:

«Մանանայի բերքը»

«Մանանայի բերքը»

Հարկ է մեր սեփական այլընտրանքները գտնել: Այսինքն` որոշել մեզի համար կարեւորութիւն ներկայացնող արժէքներ, ապա զանոնք առնչել որոշ ուտելիքներու հետ եւ ճաշակել ծիսական մօտեցումով:

Եփելը Իբրեւ Անհատականութիւն
Հաստատելու Միջոց

Մեր կեանքին մէջ սկիզբէն միշտ ալ ուրիշներ մեզի կը հրամցնեն ուտելիք մը, որ կը կարծեն, թէ պիտի սիրենք: Սակայն անոնք յաճախ կը սխալին: Երկար ժամանակ կ՛ուտենք բաներ, որոնք իրականութեան մէջ չենք սիրեր:

Ի տարբերութիւն պարզապէս գոյութիւն ունենալու իբրեւ մարդ արարած, կրնանք մեր «անհատականութիւնը» կերտել` մեր շուրջի աշխարհին մասնիկները պատշաճեցնելով մեր ներաշխարհին: Եփել սորվիլը մեծ դեր ունի. անիկա մեզ կը մղէ մեր մարմինը պատշաճեցնելու մեր հաւատալիքներուն եւ յոյսերուն:

Հետեւաբար այլեւս ոչ թէ աշխարհը կը կերակրէ մեզ, եւ մենք կրաւորական ձեւով կուլ կու տանք այն, ինչ որ կը հրամցուի մեզի, այլ կը սորվինք սահմանել մեր կարիքները եւ ապահովել զանոնք:

Ուտելիքը Հաղորդակցութեան Ձեւ Մըն Է

Մեզմէ շատեր չեն գիտեր լաւ արտայայտուիլ: Կ՛ուզենք բառ մը փոխանցել, սակայն կ՛անճրկինք:

Պիտի փափաքէինք մեր երախտագիտութիւնը յայտնել անձի մը կամ անոր ցոյց տալ մեր նկարագիրին մէկ բարդ երեւոյթը, պիտի ուզէինք զայն հաղորդակից դարձնել մեր երեւակայութեան, ճարպիկութեան կամ պարզութեան: Սակայն, երբ բառերով դժուար է արտայայտել այս բոլորը, կրնանք դիմել ուտելիքին: Օրինակ` խորոված հաւ մը կրնայ աղերս մը արտայայտել ընտանեկան համերաշխութեան: Սեւ տուրմի կտորներով մանկայի պաղպաղակ մը կրնայ արտայայտել երազային աշխարհի մը մեր ցանկութիւնը: Ուտելիքը երաժշտութեան պէս շեշտակի արտասովոր յատկութիւն մը ունի: Անիկա կրնայ ըսել բոլոր կարեւոր բաները` առանց բառեր գործածելու ձանձրոյթին:

(Յապաւուած)

 

Share this Article
CATEGORIES