Արժանթինի Մէջ Ղեկավարներու Պատրաստութեան Խորհրդաժողով
ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպութեամբ, օգոստոս 16-17 տեղի ունեցաւ Ղեկավարներու պատրաստութեան Բ. խորհրդաժողովը` «Հարաւային Ամերիկայի մէջ հայ ինքնութիւնը 21-րդ դարուն» ընդհանուր խորագրով: Սեմինարը տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Էտուարտօ Սէֆէրեան» ակումբին մէջ եւ համախմբեց աւելի քան 120 հոգի, որոնց կարգին` ՀՅ դաշնակցութեան, ՀՅԴ «Արմենիա» երիտասարդական միութեան, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի անդամներ` Պուէնոս Այրէսէն, Քորտոպայէն, Մոնթէվիտէոյէն (Ուրուկուէյ) եւ Սան Փաուլոյէն (Պրազիլ), ինչպէս նաեւ` արժանթինեան Ռոսարիօ եւ Նէուքեն քաղաքներէն ժամանած հրաւիրեալներ, հայկական վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցչուհիներ եւ համայնքի այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Երկօրեայ խորհրդաժողովին Քանատայէն մասնաւորապէս հրաւիրուած էր Մոնրէալ քաղաքի Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի պատասխանատու Մհեր Գարագաշեան:
Շաբաթ, օգոստոս 16-ին, բարի գալուստի եւ բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան: Այդ օրուան «Հայեցի դաստիարակութիւն. համամարդկային արժէքներու, ազգային գիտակցութեան եւ քաղաքացիական պատասխանատուութեան եռակի յանձնառութեան համակարգման խնդիրներ» նիւթով բաժնի առաջին նիստը ներկայացուց Մհեր Գարագաշեան: Կէսօրէ ետք ներկայացուեցաւ «Հայեցի դաստիարակութեան առիթներ եւ մարտահրաւէրներ Հարաւային Ամերիկայի մէջ» նիւթը, բաժնուած երեք սեղաններու` «Կրթական դասացուցակի բովանդակութեան համարկում եւ հայեցի դաստիարակութիւն», «Հայոց լեզուի դասաւանդութիւն» եւ «Դասաւանդութիւնը եւ հայոց գեղարուեստի ու մշակոյթի արտադրումը»: Կիրակի, օգոստոս 17-ին, «Քաղաքական համարկում» ընդհանուր նիւթը ներկայացուեցաւ երեք սեղաններով: «Հայաստանէն արտագաղթ եւ համայնքային հաստատութիւններու դերը» նիւթը ներկայացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Մելիքեան, Մաղաքիա վրդ. Ամիրեան, Արժանթինեան-հայկական Առեւտուրի պալատի քարտուղար Միկել Յարութիւնեան եւ պատուելի Արա Մխիթարեան, տոքթ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի համադրութեամբ:
«Մասնակցութիւն` քաղաքական գործընթացներու» նիւթը ներկայացուցին Պրազիլի Իրաւաբաններու միութեան անդամ` տոքթ. Էւերթոն Սիմոն Զատիկեան եւ Արժանթինի մարդկային իրաւանց պաշպան` ԻՆԱՏԻ-ի նախագահի տեղակալ Փետրօ Մուրատեան, փրոֆ. Օննիկ Թամճեանի համադրութեամբ: Վերջաւորութեան, «Հայրենիքի հետ մնայուն կապ – Հայաստանի մէջ կամաւոր աշխատանքի փորձառութիւնը» նիւթը ներկայացուցին երիտասարդներ Թալին Լէյլեք, Խուլիէթա Օխունեան, Պէաթրիս Արսլանեան եւ Խուան Գարակէօզեան, որոնք Հայաստան եւ Արցախ կամաւոր աշխատանք կատարած են, Ռազմիկ Նալպանտեանի համադրութեամբ: Երկօրեայ այս յաջող խորհրդաժողովը վերջ գտաւ երեկոյեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի փակման խօսքով:

