Նամակ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքելի

289553_1

Ազնուափա՛յլ տիկին,

Այս քանի մը տողերը կը գրենք ձեզի յատուկ պատճառով մը, որ կը վերաբերի վերջերս ձեր կատարած մէկ արտայայտութեան` քիւրտերու մասին: Ըսիք. «Մենք չենք ուզեր, որ քիւրտերը անկախ պետութիւն ունենան»:

Ի՞նչ զգացումէ մղուած արդեօք ըսիք այս խօսքը, որ կը խանգարէ ժողովուրդի մը անկախ ապրելու բաղձանքը: Ազգի մը անկախ ապրելու տենչը կը վնասէ՞ ձեզի: Չենք կարծեր. Թուրքիան է միայն հակառակողը: Էրտողանը մանաւանդ կը սարսափի, երբ քիւրտ բառը լսէ, որքան ալ ըլլայ իր հաւատակիցը: Էրտողանի չարակամ տրամադրութիւնը նոյնն է նաեւ հայ ժողովուրդին եւ քրիստոնեաներուն նկատմամբ: Ան կը սիրէ միայն ինքզինք…

Մեզի կը թուի, թէ Թուրքիոյ հետ վաղեմի դաշնակից ըլլալն է պատճառը: Ինչ որ թուրքը չ՛ուզեր, դուք ալ չէք ուզեր:

Տիկին Անկելա, ինչո՞ւ չէք պաշտպաներ Իրաքի քրիստոնեայ եւ եզիտի փոքրամասնութիւնները, գիտենք, որ Թուրքիա ուժ կու տայ զանոնք հալածողներուն:

Այս իրողութիւնը մեզի յիշեցուց 100 տարի առաջ, 1915-1923, Թուրքիոյ կատարած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այդ տարիներուն դուք դեռ ծնած չէիք, սիրելի՛ տիկին Անկելա: Ձեր հայրերն ալ Թուրքիոյ հանդէպ սիրալիր նոյն տրամադրութիւնը ունեցան: Լուռ մնացին կատարուած ահաւոր ոճիրին, հայասպանութեան, հայոց բնօրրանէն տեղահանութեան, սրբատեղիներու պղծումին եւ ինչքերու գրաւման դիմաց: Եւրոպական պետութեան մը վայել կեցուածք չէր այդ մեծ լռութիւնը: Ձեր հայրերը նոյնը ըրին Բ. Աշխարհամարտին, հրեաներուն հանդէպ:

Այս ամէնուն մէջ դուք մեղաւոր չէք, տիկի՛ն Անկելա, դուք կը սիրէք ազգերու միջեւ կայուն խաղաղութիւնը, հետեւաբար լաւ ճանչցէք ազգերու արդար իրաւունքները անտեսող Թուրքիան:

Կը յարգենք ձեզ, տիկի՛ն Անկելա Մերքել, որովհետեւ պատիւ կը բերէք կիներուն ձեր բարձր եւ հեղինակաւոր դիրքով, այս օրերու «երկաթեայ կին» էք, ինչպէս մօտիկ անցեալին` Անգլիոյ վարչապետ Մարկարեթ Թաչըրը:

Դուք պատուական տիպար մըն էք, կը սիրենք ձեզ, կը խնդրենք ձեզմէ, որ սիրէք նաեւ մեզ, Թուրքիոյ կողմէ հալածուած հայերը: Նոյն ատեն կը խնդրենք, որ ընդունիք Թուրքիոյ կատարած առաջին ցեղասպանութիւնը եւ յայտարարէք Թուրքիոյ մեղաւոր ըլլալը: Դուք արդարամիտ եւ վեհանձն վարչապետ մըն էք, հետեւաբար գիտցէք ցորենը զատել որոմէն:

Թուրքիան չարամիտ է, չ՛ուզեր ուրիշ ազգերու յաջողութիւնը, վերելքը, հետեւաբար ինչ կը վերաբերի քիւրտ ազգին անկախութիւն կերտելու տենչին, խրախուսեցէք` փոխան հակառակելու:

Ազնուափա՛յլ տիկին, կը յուսանք, որ մեր այս սիրոյ նամակը կը խօսի ձեր սրտին: Ձեր քաջութեամբ օգնեցէք իրաւազրկուած ժողովուրդներուն:

Ձեզի կը մաղթենք արի կեցուածք եւ յաջողութիւն` ի նպաստ Գերմանիոյ, յիշեցէք նաեւ, որ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակն է. 1.5 միլիոն նահատակները արդարութիւն կը հայցեն:

Յարգանքներով`
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

20-8-2014

Share this Article
CATEGORIES