Վարձքդ Կատար Եւ Շնորհաւոր
Ստորեւ կը հրատարակենք «Ասպարէզ»-ի խմբագիր Աբօ Պողիկեանի ակնարկը` «Տը Արմինիըն Ուիքլի»-ի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեանի համալսարանի դասախօսի պաշտօնի ստանձնման եւ այդ պատճառով խմբագիրի պաշտօնէն հրաժարման վերաբերող: «Ազդակ» իր կարգին կը շնորհաւորէ աւելի քան վեց տարի նախ իբրեւ աշխատակից, ապա խմբագիր «Ազդակ»-ի յարկին տակ գործած մեր պաշտօնակիցը:
Երիտասարդ խմբագիրը կը հրաժարի, տեղը կու գայ աւելի երիտասարդ խմբագիր մը: «Հայրենիք» պատմական հրատարակչութեան «Տը Արմինիըն Ուիքլի» անգլիատառ շաբաթաթերթի երիտասարդ խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, եւ զինք փոխարինելու եկաւ աւելի երիտասարդ Նանոր Պարսումեանը:
Խաչիկին կ՛ըսենք` շնորհակալութի՛ւն, վարձքդ կատա՛ր: «Ուիքլի»-ն իսկապէս նոր բարձունքներ նուաճեց իր խմբագրութեան օրօք եւ լայն հասարակութեան ուշադրութիւնը գրաւեց ո՛չ միայն որպէս լուրերու աղբիւր, այլ իբրեւ ճանապարհ բացող, միտք աշխատցնող հրատարակութիւն:
«Ուիքլի»-ն 2007 թուականէն խմբագրութիւնը ստանձնած Խաչիկի օրով դարձաւ կամուրջ թուրք եւ քիւրտ մտաւորական այն շրջանակին հետ, որ յանդգնեցաւ դէմ գալ թրքական իշխանութեանց պատմութիւնը նենգափոխելու, Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու վարքագիծին: «Ուիքլի»-ն այդ շրջանակին բեմ տրամադրեց, զայն ծանօթացուց հայ եւ օտար ակադեմականներու, միջազգային հանրութեան:
Խաչիկ նաեւ Արեւմտեան Հայաստանը վերագտնելու շարժումին իր կարեւոր ներդրումը բերաւ` իր յաճախակի ճամբորդութիւնները վերածելով ուխտագնացութեան: Հիմա, իր կեանքի յաջորդ հանգրուանին, Խաչիկ կը դառնայ համալսարանի դասախօս, ասպարէզ մը, ուր վստահ ենք, որ ան կրկին պիտի փայլատակէ իբրեւ ուսուցանող եւ հետազօտող:
Նանորն ալ կը շնորհաւորենք եւ իր ստանձնած առաքելութեան յաջողութիւն կը մաղթենք: Ան իր յօդուածներով արդէն իսկ ձեռնհաս խմբագիրի մը բոլոր յատկանիշները դրսեւորած է:
Մեր մամուլին, յատկապէս` սփիւռքի մէջ հրատարակուող հայկական բոլոր թերթերուն այսպիսի հերթափոխ կը մաղթենք: Երիտասարդը թող փոխարինուի աւելի երիտասարդով: Տարոսը` «Ասպարէզ»-ի հայերէն բաժինին:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

