Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Եւ Տակաւին Կը Սիրեմ Քեզ
ԱՆԻ ԱՊԱՃԵԱՆ
Կը դիտեմ, երբ կը խոկաս,
Կ՛ուզեմ ըլլալ մասնիկ մը խորհուրդիդ մէջ
Բայց գիտեմ անկարելիութիւն կ՛ուզեմ:
Եւ տակաւին կը սիրեմ քեզ
Աւելի քան պաշտամունքի էակ որպէս.
Քու սէրդ կը զգամ
Խորը շատ խորը սրտիս:
Կը ժպտաս ինծի ժպիտով մեղմիկ
Նոյն ձեւ պիտի ժպտաս
Վաղը ուրիշին
Ի վերջոյ նախանձոտ է սիրեկանդ:
Կը դիտեմ քեզ օրուան ընթացքին
Յուսալով` օրը չաւարտի
Գիտեմ սրտիդ անձը չեմ
Դուն կ՛անուանես զիս «բարեկամ»:
2014
CATEGORIES Անդրադարձ

