Բրիտանիա Մտադիր Է Ուժեղացնել Պայքարը Իսլամ Բրիտանացիներու Արմատականացման Դէմ

Թերեզա Մէյ
«Ria.ru» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ ներքին գործոց նախարար Թերեզա Մէյ խոստացած է նոր միջոցառումներու ձեռնարկել ծայրայեղականութեան դէմ պայքարին մէջ: Մասնաւորաբար կը նախատեսուի պատիժներ սահմանել անոնց համար, որոնք զբաղած են իսլամներու արմատականացման գործով:
Բրիտանիոյ ներքին գործոց նախարարը խոստովանած է Բրիտանիոյ համար ահաբեկչութեան «մահացու սպառնալիքի» գոյութեան փաստը արտասահմանին եւ Բրիտանիոյ մէջ: Ըստ Մէյի, Բրիտանիոյ իշխանութիւնները պէտք է բոլոր անհրաժեշտ իրաւաբանական լիազօրութիւնները ունենան այս խնդիրին դէմ պայքարելու համար:
Միւս կողմէ, «Թայմզ» օրաթերթը` վկայակոչելով բարձրաստիճան կառավարական աղբիւր մը, հաղորդեց, որ բրիտանական «Էմ. Այ. 5» եւ «Էմ.Այ.6» հետախուզական գործակալութեանց մասնագէտները ի յայտ բերած են ամերիկացի լրագրող Ճէյմս Ֆոլին գլխատողին ինքնութիւնը: Ըստ գաղտնի սպասարկութեանց տեղեկութիւններուն, «հիմնական կասկածեալը» հիփ-հոփ երգիչ Ապտել Մաժիտ Ապտել Պարին է: Կը հաղորդուի, որ երիտասարդը մէկ տարի առաջ ապրած է Լոնտոնի հարաւը գտնուող եւ մէկ միլիոն սթերլինկ արժողութեամբ առանձնատան մը մէջ:
Իսլամական զինեալներուն մօտ ան ծանօթ է Ժիհատի Ճոն անունով: Լրագրողը սպաննած տղամարդը տեսանիւթին մէջ նոյնպէս ինքզինք Ճոն կոչած է:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ նշեց, որ այն փաստը, որ ամերիկացի լրագրողը գլխատողը կրնայ բրիտանացի ըլլալ, սարսափ կը ներշնչէ: «Ատիկա մեր երկրին, մեր արժէքներուն եւ բրիտանացիներուն պաշտպանած ամէն բանի դաւաճանութիւն է», ընդգծած է ան:
Նշենք, որ Իտալիոյ ներքին գործոց նախարար Անճելինօ Ալվանօ երէկ յայտնեց, որ քանի մը տասնեակ իտալացիներ կը կռուին ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն մէջ, եւ իտալական իշխանութիւնները մտահոգ են, որ ծայրայեղական խմբաւորումները Հռոմի համար ահաբեկչական իսկական վտանգ մը կը ներկայացնեն: Ան պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները յարձակում պիտի գործեն Հռոմի դէմ, ուր կը փորձեն խալիֆայութիւն յայտարարել:

