Աբխազիոյ Մէջ Նախագահական Ընտրութիւն

0824_AbkhaziaԱբխազիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւն: Առաւօտեան ժամը 8:00-ին բացուեցան 32 շրջաններու մէջ գտնուող բոլոր 154 ընտրական կեդրոնները: «Vesti.ru» կը գրէ, որ բացուած են նաեւ երկրին սահմաններէն դուրս գտնուող երեք ընտրական կեդրոններ` Մոսկուայի, Չերքեսքի եւ Պոլսոյ մէջ:

Աբխազիոյ նախագահի պաշտօնին առաջադրուած էին չորս թեկնածուներ` Ասլան Պժանիա, Լէոնիտ Ձափշպա, Միրապ Քիշմարիա եւ Ռաուլ Խաճիմպա:

Պետութեան ղեկավարի արտակարգ ընտրութիւն տեղի ունեցաւ, որովհետեւ նախկին նախագահ Ալեքսանտր Անքվապ այս տարուան մայիսին ընդդիմութեան պահանջով հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն:

Ըստ «Vesti.ru»-ի, քուէարկութեան հետեւած են աշխարհի 24 երկիրներու ներկայացուցիչներ:

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Աբխազիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւնը նկատած է ապօրինի, «միջազգային իրաւունքի նկատմամբ անարգանք եւ խախտում հիմնարար սկզբունքներու», ներառեալ պետութեան գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքներուն:

Վրաստան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց դատապարտելու Աբխազիոյ նախագահական ընտրութիւնը:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթընի բանբերը յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը չի ճանչնար Աբխազիոյ նախագահական ընտրութիւնը:

Բանբերը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Եւրոպական Միութիւնը չի ճանչնար սահմանադրական եւ իրաւական շրջագիծը, որուն հիմամբ կատարուեցաւ այդ ընտրութիւնը»` աւելցնելով. «Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի միջազգային օրէնքին հիմամբ ճշդուած Վրաստանի հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան»:

 

Share this Article
CATEGORIES