Փութին-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Փութին եւ Էրտողան
Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նորընտիր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են:
Թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին երկու ղեկավարները քննարկած են երկկողմ օրակարգային հարցեր, ներառեալ` ուժանիւթի մարզին մէջ միացեալ նախագիծերու իրականացումը:
Կողմերը հետաքրքրութիւն յայտնած են ռուս-թրքական համագործակցութեան հետագայ զարգացման առնչութեամբ` տարբեր մարզերու մէջ:
CATEGORIES Միջազգային

