«Ամերիկա Պատրաստ Է Իրաքին Աջակցելու` Վերջինիս Իր Հողերուն Վրայ Դաշնակցային Վարչակարգ Հաստատելու Համար» Յայտարարեց Պայտըն

Ճօ Պայտըն

Ճօ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է աջակցելու Իրաքին` «հաստատելու համար դաշնակցային վարչակարգ մը, որ անոր հողերուն վրայ իշխանութեան ապակեդրոնացում կ՛ապահովէ»:

Պայտըն «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ նշեց, որ իրաքեան նոր կառավարութիւն մը կազմելու ջանքերը յառաջընթաց արձանագրած են` նշելով, որ շարունակուող յարանուանական ներքին պառակտումները ժխտական հետեւանքներ պիտի ունենան:

«Դաշնակցային դրութեան որդեգրումը կրնայ այդ պառակտումները շրջանցել արտօնել», ընդգծեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:

Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրետերիքա Մուկերինի նշեց, որ իրաքեան տագնապի լուծման շրջանի երկիրներուն, մասնաւորաբար Իրանի մասնակցութիւնը շինիչ եւ կարեւոր է:

Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ յայտարարեց, որ Լոնտոն շուտով պիտի սկսի զէնք ու զինամթերք մատակարարել իրաքցի քիւրտերուն, որոնք կը պայքարին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դէմ:

Ըստ անոր, Բրիտանիա պիտի մատակարարէ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու արտադրութիւն եղող զէնքեր, «որոնց քիւրտերը արդէն ծանօթ են»: Համընտ աւելցուց, որ իր երկիրը այժմ կը քննարկէ քիւրտերուն բրիտանական արտադրութեան զէնքի եւ սպառազինութեան մատակարարման կարելիութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES