Սիսի. «Քաթարի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Լրատուական Դաշնակցութիւնը Կը Ջանայ Արաբ Ժողովուրդին Մէջ Քաոս Ստեղծել»

Ապտել Ֆաթթահ Սիսի

Ապտել Ֆաթթահ Սիսի

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի հերքեց, թէ եգիպտական զինեալ ուժերը լիպիական հողամասերուն մէջ զինուորական գործողութիւն մը կատարած են` նշելով. «Լիպիոյ մէջ եգիպտական պատերազմական օդանաւ կամ որեւէ ուժեր չկան, որովհետեւ մեր ուժերը մեր հողամասերուն մէջ են»:

Սիսի եգիպտական թերթերու գլխաւոր խմբագիրներուն հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին ըսաւ, որ Եգիպտոս դրացի երկիրներու կողքին շահագրգռուած է Լիպիոյ ապահովութեամբ ու անվտանգութեամբ եւ այս առումով խորհրդակցութիւններ կը կատարէ Ալճերիոյ, Թունուզի եւ Լիպիոյ այլ դրացի երկիրներու հետ` Լիպիոյ մէջ կայունութիւն ստեղծելու քաղաքական աշխատանք մը տանելու համար:

Սիսի ըսաւ, որ «սուրիական բեմին վրայ ազդող ներքին ու արտաքին ազդակներ գոյութիւն ունին»` աւելցնելով, որ «Եգիպտոսի ջանքերը կը միտին Սուրիան մասնատելու որեւէ ծրագիր ձախողութեան մատնել»:

Եգիպտոսի նախագահը նշեց. «Քաթարի, Թուրքիոյ եւ Իսլամ եղբայրներուն միջեւ գոյութիւն ունի լրատուական դաշնակցութիւն մը, որ ներկայիս կը ջանայ արաբ ժողովուրդին մէջ քաոս ստեղծել եւ եգիպտական պետութիւնը քայքայել»:

 

Share this Article
CATEGORIES