Նեթանիահու. «Համաս Պիտի Շարունակէ Իր Ոճիրներուն Համար Սուղ Գին Վճարել»

Պենիամին Նեթանիահու
Մինչ իսրայէլեան բանակը երէկ շարունակեց Կազայի դէմ իր յարձակումը, իսկ պաղեստինեան դիմադրութիւնը շարունակեց հրթիռակոծել Իսրայէլը, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտնեց. «Համաս շարժումը իր գործած ոճիրներուն համար սուղ գին կը վճարէ եւ պիտի շարունակէ վճարել»: Ան Կազայի բնակիչներուն կոչ ուղղեց անմիջապէս հեռանալու Համասի` «ահաբեկչական աշխատանք» տանելու համար օգտագործած բոլոր վայրերէն` շեշտելով. «Կազայի ամէն շրջան, ուրկէ կրակ կ՛արձակուի, թիրախ կը նկատուի»:
«Ան որ Իսրայէլի քաղաքացիներուն վրայ կրակ կը բանայ անձեռնմխելիութիւն պիտի չունենայ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ասիկա բան մըն է, որ բոլոր տարածքներուն եւ բոլոր սահմաններուն վրայ կը գործադրուի»:
CATEGORIES Միջազգային

