Սուրիա. Տահեշ Գրաւեց Թապքա Զինուորական Օդակայանը

Աւիխայ Ատրահի

Աւիխայ Ատրահի

Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտարանը յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ գրաւած է Թապքա զինուորական օդակայանը: Դիտարանը նշեց, որ օդակայանին մերձակայ շրջաններուն մէջ բախումները տակաւին կը շարունակուին, իսկ սուրիական բանակի ուժերուն մեծ բաժինը նահանջած է:

Ըստ դիտարանին, սուրիական բանակի կործանիչները, ռմբաձիգները, սպաները եւ զինուորները Թապքայի օդակայանէն Տէր Զօրի զինուորական օդակայան նահանջած են:

Դիտարանը նաեւ նշեց, որ ՏԱՀԵՇ գրաւած է Ռաքքայի մէջ Սուրիոյ վարչակարգին վերջին կեդրոնը:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ հարցով կապի խմբակի անդամ արաբական պետութեանց արտաքին գործոց նախարարները երէկ Ժետտայի մէջ գումարեցին ժողով մը` նախագահութեամբ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալի` քննարկելու համար շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի յառաջխաղացքի հարցն ու Սուրիոյ մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումները:

Ըստ Իսրայէլեան Բանակին.
Սուրիայէն 5 Հրթիռներ Արձակուած Են
Գրաւեալ Կոլանի Ուղղութեամբ

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ շաբաթ օրուան կէս գիշերին սուրիական հողամասերէն հինգ հրթիռներ արձակուած են Կոլանի բարձունքներուն կեդրոնական բաժինին ուղղութեամբ: Անոնք ինկած են բաց տարածքի մը մէջ եւ վնաս պատճառած շրջանին  ելեկտրական ցանցին:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ արձակուած հրթիռները զոհեր կամ վիրաւորներ չեն պատճառած, եւ սուրիական վարչակարգը պատասխանատու նկատեց իր հողերէն կատարուած հրթիռարձակման համար:

 

Share this Article
CATEGORIES