ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ. ԸՆՏՐԱՆՔ` ՕԹԱՆ-Ի ԵՒ ՈՉ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ

Կրնայ ըլլալ, որ Ազրպէյճանի գործակցութիւնը ՕԹԱՆ-ի հետ աշխուժ եւ արագ քայլերով չի յառաջանար, սակայն տեղական որոշ մեկնաբաններ կը հաւատան, որ երկրին յարումը ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումին, անցեալ ամիս, աւելի մեծ հարցական մը դրաւ Ազրպէյճանի եւրատլանտեան համարկման վրայ:

Պաքու 25 մայիսին փաստաթուղթ մը ստորագրեց ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումին հետ. անիկա խմբաւորում մըն է, որ ստեղծուած է 1955-ին, հակադրուելու համար աշխարհի «Գէր տէրութիւններու տիրապետութեան» եւ գաղութարարութեան ատոր տարբեր ձեւերուն մէջ»: Բացի Պիելառուսիայէն եւ Ուզպեքստանէն, Ազրպէյճան նախկին Խորհրդային Միութեան միակ հանրապետութիւնն է, որ կը միանայ ձախ թեքող կազմակերպութեան, որ աւելի կ՛առնչուի Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանին:

Ոչ յանձնառուներուն միանալու անակնկալ որոշումը քննադատութիւն հրահրեց Ազրպէյճանի ընդդիմութենէն, թէ` Պաքու կը ծախէ աւելի սերտ համագործակցութիւնը ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան հետ:

Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումին անդամակցութեան պայմանները կը հաստատեն, որ «Գերտէրութեան մը հետ զինուորական երկկողմանի որեւէ համաձայնութիւն» պէտք չէ «կանխամտածուած կերպով կնքուած ըլլայ օգտագործուելու համար մեծ ուժերու հակամարտութիւններու ծիրին մէջ»:

Իբրեւ պատասխան` Ազրպէյճանի կառավարութիւնը յարաբերաբար լուռ մնաց որոշումին պատճառներուն մասին (իշխող Ենի Ազրպէյճան կուսակցութիւնը եւ կառավարամէտ կուսակցութիւններ նոյնպէս փակ պահեցին իրենց բերանները), բայց կառավարական պաշօնատարներ հանրային, հրապարակաւ նշումներ չեն ըրած, թէ իրենք կը մտադրեն խզել յարաբերութիւնները ՕԹԱՆ-ի հետ` իբրեւ հետեւանք Ազրպէյճանի ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումին յարումին:

Ինտոնեզիոյ մէջ 25 մայիսին տեղի ունեցած Ոչ յանձնառուներու խորհրդաժողովին խօսք առնելով` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով շեշտեց, որ շարժումին անդամակցիլը անդամներուն կ՛արտօնէ` «Միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ բարձր դիրքերու ձգտելու եւ (կը նպաստէ) այս կազմակերպութիւններուն մէջ գործունէութեանց համակարգումին»:

Արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ պաշտօնատարը, որ չուզեց իր անունը նշել, «Եւրասիանեթ»ի ըսաւ, թէ Ազրպէյճան Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումը կ՛ուզէ շահագործել` անոր 118 անդամներու զօրակցութեան քուէները ապահովելու համար Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Հայաստանի հետ ունեցած տագնապին առնչութեամբ: Անդամակցութիւնը նաեւ օգտակար կրնայ ըլլալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ոչ մնայուն աթոռի համար Ազրպէյճանի թեկնածութեան, աւելցուց պաշտօնատարը: Ընտրութիւնը այս տարեվերջին տեղի պիտի ունենայ:

Քաղաքական մեկնաբան Սուլխատտին Աքփեր` Ազրպէյճան Ատլանտեան համագործակցութեան ընկերակցութեան խորհրդատուական խորհուրդի ղեկավարը, այս գաղափարը, կարծիքը բացատրեց` պնդելով, որ ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումին 119 անդամ պետութիւնները, Հարաւային Ափրիկէէն Թայլանտ եւ Սուրիայէն Իրան, շատ տկար են ՄԱԿ-ի մէջ քուէ մը ճօճելու համար:

Պաշտօնակից վերլուծաբան Էլխան Շահինօղլու` Պաքու տեղակայուած Ատլաս ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, այլ տկարութիւն մը կը տեսնէ իր խօսքով «Հայաստանի հետ վարուելակերպը» իբրեւ «անտրամաբանական» նկարագրելով:

«Լարուածութիւնները Հարաւային Կովկասի մէջ կը սրին, եւ Ազրպէյճան պէտք ունի ռազմական դաշինքի` ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ հետ, ինչպէս նաեւ աւելի խոր համագործակցութեան` ՕԹԱՆ-ի հետ, ապահովելու համար իր անվտանգութիւնը», ըսաւ Շահինօղլու եւ աւելցուց. «Չէզոքութիւն» անհրաժեշտ չէ»:

Ռազմական դաշինքի համար ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումին չափանիշը, որ կ՛առնչուի «Գերտէրութիւն» պայքարին, կը թուի, թէ ճկուն է, թէեւ Աֆղանիստան եւ Իրաք երկուքն ալ անդամ են ոչ յանձնառուներուն:

Պաքուի մէջ որոշ վերլուծաբաններ, սակայն, տակաւին այս շարժումը Ազրպէյճանի կողմէ փորձ մը կը նկատեն` ինքզինք հեռու պահելու համար ՕԹԱՆ-էն եւ ինքզինքին տեղ տալու` դաշինքը քննադատելու համար:

Ռազմական վերլուծաբան Ժասուր Սումարինլի` Միլ. ազ.ի գլխաւոր խմբագիրը, կը հաւատայ, որ Աֆղանիստանէն ազրպէյճանցի 90 զինուորներու վերադարձը շուտով պիտի յաջորդէ Պաքուի այս քայլին:

«ՕԹԱՆ-ի հետ համագործակցութիւնը աւելի եւս պիտի ձգձգուի», ըսաւ Սումարինլի` աւելցնելով, որ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը Ազրպէյճանի վրայ, համապատասխանաբար, կրնայ աւելնալ: «Այսպիսի որոշում մը պէտք չէ տրուի առանց հանրային եւ խորհրդարանական բանավէճերու», ըսաւ ան:

Ազրպէյճանի Ազգային ապահովութեան գաղափարախօսութիւն փաստաթուղթը իբրեւ «ռազմավարական նպատակ, թիրախ», կը ճդշէ եւրատլանտեան համարկումը: Թէեւ, ի տարբերութիւն դրացի Վրաստանի, որ իր արտաքին քաղաքականութիւնը վերջնականօրէն բացայայտած է, որ Արեւմուտքի հետ է, Ազրպէյճան միշտ փորձած է հաւասարակշռել իր հետաքրքրութիւնները, շահերը` ՕԹԱՆ-ի Ռուսիոյ եւ իր հարաւային դրացիին Իրանի հետ:

Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը` Էլխան Փոլուխով, թէեւ ըսաւ, որ ոչ յանձնառուներուն միանալը չի նշանակեր, թէ Ազրպէյճան այդ նպատակը, թիրախը պիտի փոխէ: «Մենք պիտի շարունակենք եւրատլանտեան համարկման հոլովոյթը, բայց առ այժմ Ազրպէյճան նպատակ չունի միանալու ՕԹԱՆ-ի կամ որեւէ այլ ռազմական համախմբումին», ըսաւ Փոլուխով: Ան աւելցուց. «Համարկում չի նշանակեր` անդամակցութիւն»:

Նոյն ատեն, արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարը խօսելով անջատաբար` հերքեց, որ կառավարութիւնը կը մտաբերէ կամ կը քննարկէ Աֆղանիստանէն ազրպէյճանական ուժերու որեւէ հեռացում:

ՕԹԱՆ եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը այս նիւթին վերաբերեալ լուռ կը մնան: Պաքուի մէջ Եւրոպական խորհուրդի պատուիրակութեան ղեկավարը` Ռոլանտ Քոպիա, «Երասիանեթ»ին ըսաւ, որ խորհուրդը պատրաստ չէ մեկնաբանելու այս հարցը:

Յունիս 15-ի ՕԹԱՆ-ի հետ գործակցութեան յատկացուած Խորհրդաժողովին ընթացքին կառավարամէտ խորհրդարանական Ռասիմ Մուսապեկով առաջարկեց, որ Ազրպէյճան կրնայ տակաւին գործակցիլ ՕԹԱՆ-ի հետ` նոյն ատեն իր ընտրանքները բաց ձգելով (գլխաւորաբար համագործակցութիւն` Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ հետ): «ՕԹԱՆ Ազրպէյճանի խնդիրներուն բաւականաչափ հասկացողութիւն եւ հոգածութիւն չի ցուցաբերեր», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Հայաստան կը սպառնայ հարուածել Ազրպէյճանի քարիւղի ենթակառոյցը, բայց ՕԹԱՆ ոչ միայն կը մերժէ մեզի յատկացնել համապատասխան զէնքը, այլ զինուորական ծախսերը կրճատելու կոչ կ՛ընէ»:

Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մաթիւ Պրայզա դիւանագիտական նշում մը ըրաւ հաւաքին ատեն` մասնակիցներուն ըսելով, որ` «Վերջերս ես չլսեցի ՕԹԱՆ-ի անդամակցելու վերաբերեալ Ազրպէյճանի փափաքը: Ես միայն լսեցի, որ Պաքու կ՛ուզէ աւելի խոր համարկում»:

Արտաքին քաղաքականութեան հարցով նախագահի նախկին խորհրդական Վաֆա Կիւլիւզատէ զգուշացուց. «Առ այժմ օտարերկրեայ դէտերը պէտք է խուսափին թատերականացնելէ կամ ողբերգականացնելէ ոչ յանձնառուներուն միանալու Ազրպէյճանի որոշումը: Ասիկա ռազմավարական, խաղավարական խուսանաւում մըն է կառավարութեան կողմէ, որպէսզի ցուցադրէ Արեւմուտքէն իր անկախութիւնը: Ազրպէյճանի` եւրատլանտեան համարկումը անխուսափելի է եւ պիտի շարունակուի: Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումին մասնակցութիւնը Ազրպէյճանը չի կաշկանդեր, մեզ ոչ մէկ բանի կը կապէ»:

ՇԱՀԻՆ ԱՊՊԱՍՈՎ

«Եուրէյժիանեթ»

Share this Article
CATEGORIES