Սպանիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակի Մրցաշարք. Աթլեթիքօ Մատրիտ` Տիտղոսակիր
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին դարձի հանգրուանի մրցումը, երբ «Վիչենթէ
Քալտերոն»-ի իր դաշտին վրայ Աթլեթիքօ Մատրիտ հիւրընկալեց Ռէալ Մատրիտը:
Երկու կազմերը երթին «Սանթիակօ Պեռնապէօ» դաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էին իրարու հետ:
Սպանիոյ ախոյեանը` Աթլեթիքօ տիրացաւ տիտղոսին, երբ մրցումին 2-րդ վայրկեանին Մարիօ Մանտզուքիչ նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին «որբ» կոլը:
Ռէալ մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ 90-րդ վայրկեանին Լուքա Մոտրիչ կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Կարմիր քարտ ստացաւ նաեւ Աթլեթիքոյի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ` չորրորդ իրաւարարին հետ վիճաբանած ըլլալուն համար: Ան կրնայ չորս մրցումով կախակայուիլ:
CATEGORIES Մարզական

