Անգլիական Ֆութպոլ. Այսօր` Մանչեսթըր Սիթի-Լիվըրփուլ

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 22:00-ին, տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի պիտի հիւրընկալէ Լիվըրփուլը: Անոնք երկուքն ալ իրենց կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրեցին:

Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ իր կատարած առաջին մրցումին պարտութիւն մը կրած էր, երէկ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Սանտըրլենտի հետ` ապահովելով տարեշրջանի իր առաջին կէտը:

Թոթենհամ, Չելսի եւ Սուանզի արձանագրեցին իրենց երկրորդ յաջորդական յաղթանակները:

Էվըրթընի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, 2-0 արդիւնքով ուշացած Արսենալ պարտութենէ մը փրկուեցաւ, երբ 83-րդ եւ 90-րդ վայրկեաններուն նշանակեց երկու կոլ:

Ստորեւ` 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.

 

Ասթոն Վիլա – Նիւքասըլ 0-0
Չելսի – Լայսթըր Սիթի 2-0
Քրիսթալ Փալաս – Ուեսթ Համ 1-3
Սաութհեմփթըն – Ուեսթ Պրոմուիչ 0-0
Սուանզի – Պըռնլի 1-0
Էվըրթըն – Արսենալ 2-2
Հալ Սիթի –  Սթոք Սիթի 1-1
Թոթենհամ – Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզ 4-0
Սանտըրլենտ – Մանչեսթըր Եունայթըտ 1-1
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ  ԺԱՄ
Մանչեսթըր Սիթի – Լիվըրփուլ 22:00 22:00
Share this Article
CATEGORIES