50 Տարի Առաջ (26 Օգոստոս 1964)

Հայաստան

Սփիւռքահայ Ուսանողներ
Հայաստանի Մէջ

Միջնակարգ, բարձրագոյն կամ մասնագիտական ուսումնարաններու մէջ ընդունուելու եւ իրենց ուսումը զարգացնելու նպատակով արտասահմանէն Հայաստան գացող հայ եւ օտար ուսանողներու թիւը անհամեմատաբար քիչ է: Թէեւ բաղդատմամբ 1957-ին, երբ առաջին անգամ ըլլալով 15 հայ երիտասարդներ ուսանելու գացին Երեւան, անցեալ ուսումնական տարեշրջանի ուսանողներու թիւը արձանագրած է կարեւոր յաւելում մը. հարիւր հայ եւ օտար երիտասարդներ Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, Եթովպիայէն, Քուպայէն, Ֆրանսայէն, Մ. Նահանգներէն, Հնդկաստանէն եւ այլ երկիրներէ:

Ուսումնական նոր տարեշրջանէն սկսեալ, ամէն տարի, Երեւանի բարձրագոյն կրթարանները պիտի կարենան յաճախել յիսուն, իսկ միջնակարգ վարժարանները քսան հայ երիտասարդներ կամ երիտասարդուհիներ արտասահմանէն:

Ցարդ 14 ուսանողներ շրջանաւարտ եղած են Երեւանի բժշկական, ճարտարապետական համալսարաններէն, ինչպէս նաեւ` երաժշտանոցէն, պետական համալսարանի բանասիրական ճիւղի հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժիններէն:

Մասնագէտներու Դարբնոց

Բազմարուեստից վարժարանի շինարարական բաժինը ճարտարագէտներ եւ ճարտարապետներ պատրաստող օրինակելի դարբնոց մըն է մեր երկրին համար:

Վերոյիշեալ մասնագիտութիւններուն տէր դառնալու համար ներկայիս հոն կ՛ուսանին 1388 երիտասարդներ: Իր գոյութեան ընթացքին կրթարանը երկրին տուած է զանազան մասնագիտութիւններու հետեւած 2756 ճարտարագէտներ:

Կրթարանին դասախօսական կազմը կը բաղկանայ ութ դասախօսներէ, 36 փոխ դասախօսներէ եւ մեծ թիւով աւագ եւ կրտսեր դասախօսներէ:

Լիթուաներէնով

Լիթուանիոյ գեղարուեստական գրականութեան հրատարակչականը ծրագրած է 1965-ին լոյս ընծայել Մկրտիչ Արմէնի «Հեղնար աղբիւր»-ը: Թարգմանութիւնը կատարած է Ռիթէ Եանաուսքայթէ, որ իր հայերէնի ուսումը ստացած է Երեւանի մէջ:

Ցարդ 14 թարգմանութիւններ կատարուած են հայ գրագէտներու գործերէն: Ասոնց շարքին` Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստան»-ին, Րաֆֆիի «Ոսկի աքաղաղ»-ը, Նար Դոսի, Վախթանգ Անանեանի, Գուրգէն Մահարիի եւ ուրիշներու զանազան գործերը:

Սփիւռքահայ Ուսուցիչներու Այցը

Վեց շաբաթներէ ի վեր խումբ մը հայ ուսուցիչներ` արտասահմանէն, Հայաստան կը գտնուին: Խումբին անդամները այցելած են մեր անցեալի մշակութային եւ պատմական արժէքներն ու հարստութիւնները ներկայացնող վայրերը, թանգարանները, ինչպէս նաեւ` պիոներական ճամբարներ:

 

Տոմսեր

Հարազատ Թրքականը

Ամէն երկրի մէջ ապահովաբար թերթեր յաճախ յայտարարութիւններ կը հրատարակեն կորսուած առարկաներու մասին, եւ ոստիկանութիւնը շարունակ  կը թելադրէ քաղաքացիներուն արթուն գտնուիլ` բան չկորսնցնելու համար, մասնաւորաբար` իրենց կեանքը…

Կը կորսուին` պայուսակներ, գիրքեր, դրամ, հովանոց եւ ամէն բան:

Պոլսոյ թերթերն ալ կորուստի յայտարարութիւններ կու տան,  սակայն` սա տեսակ տարօրինակութիւններ յիշելով.

– Վերջերս կին մը իր կեղծ թարթիչները, մարդ մըն ալ իր կեղծ ատամնաշարը մոռցած են Պոլսոյ ինքնաշարժներուն մէջ: Գտնուած է նաեւ կեղծ աչք մը եւ կեղծամ մը, որ ապահովաբար ճաղատի մը կը պատկանի:

Կեղծ բանե՜ր, բոլորը:

Քաղաքապետութիւնը, կը շարունակէ յայտարարութիւնը, որոշած է ծախել բոլոր մոռցուած այս առարկաները:

Թուրք թերթ մը կը յայտարարէ սակայն, թէ քաղաքապետութեան այս յայտարարութիւնն ալ… կեղծ է, որովհետեւ մինչեւ որ այդ առարկաները ծախելու թուականը որոշուի, անոնք «կ՛անհետանան» իրենց գտնուած տեղէն:

Թրքական իշխանութիւնները ոչ միայն կեղծ բաներ կը գտնեն, այլ, չգտնելու պարագային, իրենք կը հնարեն  ու հրապարակ կը նետեն:

Այսպէս, Պոլսոյ իշխանութիւնները կ՛ամբաստանեն յունական Տիեզերական պատրիարքարանը, չորս միլիոն ոսկիի զեղծարարութեամբ: Պատրիարքարանը կը հերքէ այդ ամբաստանութիւնը` իբրեւ կատարեալ կեղծիք: Թուրքերը քանի մը օր մտմտալէ ետք, կը յայտարարեն, թէ… եօթանասուն յոյներ ձերբակալուած են, անոնց գոյքերը գրաւած եւ զանոնք Յունաստան վտարած:

Այս տեղեկութիւնը դժբախտաբար կեղծ չէր հարազատ թրքական ըլլալով:

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Հայրապետական Կոնդակ Ապրիլեան
Մեծ Եղեռնի 50-Ամեակին Առթիւ

Ազգային առաջնորդարանէն ստացանք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-

Այսու կը ծանուցենք Լիբանանի բարեպաշտ հայ ժողովրդեան, թէ յառաջիկայ 30 օգոստոս 1964, կիրակի, թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Անթիլիասի մայր տաճարին եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ պիտի կարդացուի Խորէն Ա. վեհափառ կաթողիկոսի հայրապետական կոնդակը` նուիրուած ապրիլեան Մեծ եղեռնի յիսնամեակին:

Կը թելադրենք մեր հաւատացեալներուն այդ օր փութալ եկեղեցի` լսելու վեհափառ հայրապետին խօսքը եւ հաղորդուելու մեր բիւրաւոր նահատակներու հոգիներուն հետ, նահատակներ, որոնք զոհուեցան վասն հայրենեաց եւ վասն հաւատոյ:

 

Share this Article
CATEGORIES