Տեսակէտ . Ո՞ւր Են, Ո՞ւր…
ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ
Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, եւ` այս օրերուն տեղի ունեցող դէպքերը վկայ, որ քրիստոնեայ փոքր ժողովուրդները մեծամասնութեան ձեռքին դարձած են ճատրակի քարեր` անզգամ ու անհոգի, քաղաքական դիրքերէ ուղղութիւն տալու կարողութիւն ունեցողներուն կողմէ ղեկավարուող եւ մեծերուն շահերուն հետեւանքները դառնօրէն կրող: Նոյն այդ «մեծերը», եթէ իրենց շահերուն ու հաշիւներուն ծառայէ, նոյնիսկ չտեսնել կը ձեւանան իրենց քիթին տակ իսկ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն կրած տառապանքը, անոր ենթարկուած սպանդը:
Բոլորս գիտենք դարերէ ի վեր, մասնաւորաբար Մեծ եղեռնի օրերուն հայ ազգին ապրած արհաւիրքը: Անշուշտ մէկ օրուան մէջ չկատարուեցաւ սարսափի տողանցքը, անոր ծրագրումն ու գործադրութիւնը բաւական ժամանակ առին, անկէ տեղեակ եղան շատեր, սակայն ոչ ոք հակազդեց ու քայլ մը առաւ: Կայ աւելին, ծանօթ գրագէտ Կոստան Զարեան, որ այդ հանգրուանին Իտալիա կը գտնուէր ուսանելու, գիտակցելով, որ կաթողիկէ պապը կրնայ խօսիլ քրիստոնեայ աշխարհին, անձամբ գնաց մինչեւ Վատիկան, ներկայացուց հայ ժողովուրդին ապրած տառապանքները եւ անոր դէմ գործադրուող ոչնչացման արարքները: Այդ օրուան պապը Կոստան Զարեանի պատմածները լսելէ ետք ըսաւ, որ ինք պիտի աղօթէ հայերուն եւ զոհերուն հոգիներուն համար: Այս կեցուածքը արդէն իսկ ցոյց կու տայ, որ պապը լաւապէս կը գիտակցէր, թէ իրեն լսող պիտի չըլլայ:
Կացութիւնը շատ չէ փոխուած այսօր, նոյն իրավիճակներուն դէմ յանդիման ենք: Այսօր տեղի ունեցածին մասին վայրկեանը վայրկեանին կը տեղեկանանք, նկարները շուտով աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը կը հասնին, սակայն կրկին լռութիւն կը տիրէ: Ինչո՞ւ լուռ կը մնան իրենք զիրենք քրիստոնեայ կոչող մեծ պետութիւններու տէրերը, պատասխանը պարզ է ու բոլորին համար յստակ` քանի որ իրե՛նք են չար ուժերուն քայլերուն նախապատրաստող եւ անոնց առիթ տուող դարանակալ դերակատարները:
Սկսինք Անգլիայէն, որ հայոց կողմէ թուրքին դէմ օգնութիւն խնդրող ուժերուն պատասխանելով` ըսաւ, որ իր նաւերը Արարատ լեռ չեն բարձրանար: Ֆրանսան խոստում տուաւ Արարայի ճակատամարտին հերոսաբար կռուող հայ կամաւորներուն, որոնք դժուարին յաղթանակներ ապահովեցին Ֆրանսայի, Կիլիկիան մեզի յանձնելու յոյսով, բայց գիտենք, որ ինչպէս իրենք մեզմէ առաջ պարպեցին Կիլիկիան ու փախուստ տուին առանց ոտնաձայնի` յուսահատ ձգելով մեզ եւ առիթ տալով երկրորդ տեղահանութեան: Պատմութիւնը կրկնուեցաւ նաեւ Ալեքսանտրեթի Թուրքիոյ յանձնումի ատեն եւ հայութեան գաղթով` դէպի Լիբանան եւ այլուր:
Գալով ռուս մեծ ու դրացի պետութեան, որուն մեր պարզ ժողովուրդը դարերով «քեռի» կոչած է` յոյսեր կապելով անոր, քանիցս մեզ առանձին ձգած է մետասաներորդ պահուն: Ատեն մըն ալ մեր եկեղեցապատկան ինչքերը գրաւած է, իսկ այսօր մեզի հետ բարեկամական դաշինք կնքելով հանդերձ, մեր հակառակորդին միլիառներով զէնքեր կը ծախէ: Արդեօք կրնա՞յ օր մը պատահիլ, որ Անգլիոյ ըսածին պէս Ազրպէյճանի քարիւղն ու կազը աւելի կշռեն մեր բարեկամութենէն:
Ամէն պարագայի, տարիներ առաջ ներկայ պապը իր պատգամին մէջ ըսած էր, որ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան իրենց քրիստոնէական շապիկը վերստին պէտք է հագնին եւ չխաբեն ժողովուրդները, որովհետեւ իրենք է, որ իրենց քաղաքական եւ նիւթական շահերուն համար ամէն սկզբունք ոտնակոխ կ՛ընեն` ոչ միայն քրիստոնէական ոգիին, այլ նոյնիսկ մարդկային խղճին դէմ կանգնելով յաճախ:
Հետեւաբար այսօր մենք գերիմաստուն եւ քաղաքական իրապաշտ կեցուածքներ պէտք է որոնենք գիտնալու համար, թէ ո՞ւր են մեր բարեկամները եւ բուն թշնամիները, որոնք մեզ հոս հասցուցին եւ տակաւին ո՜ւր կրնան հասցնել:

