Մեր Քոչը` «Մարզիչը», Ժաք Յակոբ Պոյաճեան (Իր Մակդիրը Մինչեւ Այսօր Մնաց Քոչ)

ՍԵԼԼԱ (ԳԱՀՎԷՃԵԱՆ) ԹՆՃՈՒԿԵԱՆ

Մարզիչ՝ Ժաք Պոյաճեան

Մարզիչ՝ Ժաք Պոյաճեան

Տեսակ մը ազգային սովորութիւն կամ տուրք եղած է կուսակցականի մը կամ միութենականի մը վաստակը ներկայացնել յետմահու, երբ այդ անձը վերջնականօրէն հեռացած է մեզմէ: Թէեւ մեր դաստիարակութեան մէջ չունինք նոյնիսկ մահէն ետք ազգային գործիչ մը գովասանքներով ողողել եւ ընդհանրապէս կը գրենք այդ անձին միայն ծառայութեան եւ իր տուած դաստիարակութեան մասին, սակայն ինչո՞ւ չգրենք, երբ անձ մը ողջ առողջ է, երբ խնդրոյ առարկայ անձը իր աշակերտներու, մարզիկներու, գործակիցներու, նոյնիսկ սերունդի մը  տպաւորութիւններէն կրնայ տեղեակ ըլլալ եւ առնուազն փոքր հոգեկան գոհացում մը ստանալ:

Պարտք կը զգամ այդ յարգանքի զգացումը այստեղ տալ իմ երէց եղբօր` տարիներու պասքեթպոլի քոչիս, երբ ան այսօր քաշուած է խումբեր մարզելէ:

Պարտինք վերաքաղ մը ընել մարզիչի իր վաստակին, որ երախտագիտութեան նուազագոյն խօսքս պիտի ըլլայ իր երկարամեայ նուիրումին:

1960-ականներու սկիզբը Ժաք (Յակոբ) Պոյաճեան ՀՄԸՄ-ի աղջկանց պասքեթպոլի խումբին պատասխանատու քոչ նշանակուեցաւ. ան այս պաշտօնը ստանձնեց` փոխարինելով աւելի երէց քոչ Ժաք (Յակոբ) Գատեանը, որ երկար տարիներու ծառայութենէ ետք որոշած էր հանգստեան կոչուիլ: Եղաւ կարճ շրջան մը, երբ երկու քոչերը միեւնոյն ժամանակ ներկայ կ՛ըլլային ակումբ, եւ յաճախ շփոթ կը ստեղծուէր, թէ ո՞ր Ժաքին կամ Յակոբին մասին է խօսքը: (Հետաքրքրական էր, որ ՀՄԸՄ-ի իրարու յաջորդած բոլոր քոչերը Ժաք կամ Յակոբ կը կոչուէին` շարունակելով կարծես յակոբներու վերապահուած աւանդութիւնը, մեր սերունդէն անմիջապէս ետք դարձեալ երկու Յակոբ/Ժաքեր յայտնուեցան իբրեւ քոչ` նախ Ժաք Նալպանտեան եւ աւելի ետք բոլորիս ծանօթ` Յակոբ Խաչերեանը, որոնք նոյնքան հաւատարմօրէն ստանձնեցին աղջկանց խումբի մարզիչի պաշտօնը):

Գատեանին մեկնումէն ետք քոչ Ժաք Պոյաճեան շարունակեց մարզել մեր խումբը եւ կարողացաւ կարճ ժամանակի մը մէջ Գատեանի խումբին մակարդակով երիտասարդ պասքեթպոլ մարզիկներու նոր սերունդ մը մէջտեղ բերել:

Նախկին անուանի աղջկանց փոխարինող այս պատանի խումբը եղաւ անոր կեանքի նպատակներէն մին, աչալուրջ  եւ չափազանց ուշադիր հետեւեցաւ խումբի անդամներուն առօրեային, կենցաղին` ե՛ւ իբրեւ մարզիչ, ե՛ւ իբրեւ հոգատար ընկեր:

Հանդարտ ու խաղաղ օրեր կ՛ապրէր Լիբանան այդ շրջանին. այդ օգնեց, որ երկար ժամանակ ՀՄԸՄ-ի աղջկանց պասքեթպոլի պատասխանատուութիւնը մնայ Ժաք Պոյաճեանի ուսերուն եւ կարենայ հեզասահ կատարել քոչի մը բոլոր պարտականութիւնները:

Ի հարկին, ան ստիպուած` երբեմն ստանձնեց տղոց խումբն ալ եւ մարզիկներու փայլուն փաղանգ մը անցաւ ՀՄԸՄ-ի շարքերէն, որոնք անմոռանալի յաղթանակներ արձանագրեցին այդ տասնամեակին:

Ակումբի դաշտի պայմանները համեստ էին այդ օրերուն: Կարմիր աւազէն ժամանակ մը ետք  դաշտին գետինը պատուեցաւ  փոքր քառակուսիներով կազմուած կարծր սալաքարով, որ յաճախ մեր ծունկերը կը վիրաւորէր եւ վէրքերուն սպիանալը անկարելի կը դարձնէր: Թէեւ այսօրուան հասկացողութեամբ նախնական, բայց բաղդատաբար հինին` դաշտը ներկայանալի կերպարանք մը ստացաւ, կոկիկ ու դիմացկուն: Առաւելագոյնը երկու-երեք հին գնդակներ կ՛իջնէին դաշտ, նորերը վերապահուած էին պաշտօնական խաղերու, սակայն այդ բոլորը մեզի համար ի՜նչ փոյթ: Խումբը կը յառաջդիմէր քոչին շնորհիւ, հպարտ էինք մեր կարմիր շապիկներով, մոլի էինք գնդակին, ՀՄԸՄ-ի վարկն ու պատիւը ծանրացած էր մեր ուսերուն, եւ ակումբը դարձած մեր տունը:

Քաղաքի ակումբը եռուն կեանք մը ունէր, ինչպէս այսօր` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնը:

ՀՄԸՄ-ի Պեյրութ մասնաճիւղի աղջկանց առաջին խումբը, 1962։

ՀՄԸՄ-ի Պեյրութ մասնաճիւղի աղջկանց առաջին խումբը, 1962։

Քոչը խումբին շարունակականութեան համար աչալրջօրէն նոր ու երիտասարդ ուժեր փնտռեց, աղբիւրները Ճեմարանն ու ՀՄԸՄ-ի արենուշներն էին, նաեւ հայ մարզիկ-մարզիկուհիներ դէպի ՀՄԸՄ-ի խումբերը առաջնորդեց օտար շրջանակներէ եւ յաջողեցաւ տարիներ շարունակ ՀՄԸՄ-ի աղջկանց պասքեթպոլի խումբին համբաւը բարձր պահել: Իր տնօրինումով շաբաթավերջերու միջակումբային մրցումները բազմապատկուեցան, ՀՄԸՄ-ի աղջկանց եւ տղոց խումբերը Լիբանանի բոլոր մրցաշարքերուն փայլուն ներկայութիւն էին եւ դարձեալ սկսան առաջին տեղերը գրաւել եւ ախոյեանութիւններ ապահովել: Այդ քաջալերեց Ժաք Պոյաճեանը` հրաւիրելու բազմաթիւ տեղական խումբեր եւ կազմակերպելու համաշխարհային մակարդակի մրցաշարքեր եւ ճամբորդութիւններ:

Երբ յետադարձ ակնարկ մը նետեմ խումբի մարզական կեանքին, ակամայ քանի մը պատկերներ ու դէպքեր կ’ուրուագծուին յիշողութեանս մէջ: Կ’ուզեմ վերյիշել քանի մը օրինակներ` պարզապէս հիներուն միտքը թարմացնելու եւ նորերուն փոքր օրինակներ տալու համար:

Շաբաթը երեք անգամ երկու ժամ վերապահուած էր աղջկանց փորձերուն, իսկ մրցումները տեղի կ՛ունենային շաբաթավերջերուն: Չպատահեցաւ, որ ան օր մը իսկ բացակայէր կամ մեզմէ ուշ ակումբ հասնէր. նախքան ճշդուած ժամը գնդակները ու փորձի բոլոր կազմածները դաշտին կեդրոնը զետեղած` կազմ ու պատրաստ մեզ կը սպասէր: Պէյրութի ամպոտ ու մռայլ օրերը բոլորիս թշնամին էին, կը հսկէինք երկինքին` աղօթելով, որ չանձրեւէ, իսկ ինք նոյնիսկ անձրեւոտ օրերուն կ՛ակնկալէր, որ դաշտ ներկայանայինք. հապա՞ եթէ անձրեւը դադրէր: Փորձերը պաշտօնական խաղերուն չափ լուրջ հանգամանք ունէին: Ան բաւական բարդ  վարժութիւններ պատրաստած կ՛ըլլար, կանոնաւոր կերպով կը կիրարկէինք ցատկել, վազք, նախապատրաստական մարզանքներ, որոնք կը նպաստէին մեր տոկունութեան: Ունէինք պաշտպանողական եւ յարձակողական հիմնական ձեւեր եւ հնարքներ, հմուտ տեղափոխութեան օրէնքներ որոնք յաճախ գործադրել կու տար: Մասնաւորապէս կը պահանջէր գեղեցիկ խմբային խաղարկութիւն եւ գնդակի խելացի փոխանցում:

– Ոտքերուն «փաս» չեն տար, կուրծքի բարձրութեամբ հասցուցէք գնդակը, որ խաղակիցդ կարենայ բռնել,- կը կրկնէր անընդհատ:

Արգիլած էր հակառակորդ մարզիկներու գլուխներուն վրայէ երկար փոխանցումները. այս մէկը շատ անգամ մատնանշած եւ շեշտած էր: Պէտք չէր, որ ի զուր այդ երկար փասին պատճառով գնդակը հակառակորդ խումբին ձեռքը անցնէր:

– Ամէն մէկ գնդակի կորուստ կէտ չնշանակելու համազօր է,- կը կրկնէր:

Արգիլած էր նաեւ մեզ արտաքին վարժութիւններու կամ որոշ հաճելի զբօսանքներու հետեւիլ, ամառները փորձերու օրերը նոյնիսկ արտօնուած չէր մարզիկներուս ծով երթալ, սակայն կը պատահէր, որ փորձութեան մատնուէինք, փախուստ տայինք եւ ծով երթալու գրաւիչ առիթի մը տեղի տայինք… ու դաշտ ներկայանայինք յոգնած եւ արեւէն այրած այտերով: Անկարելի էր, որ քոչը չնշմարէր, ան սովորութիւն չունէր մեզ յանդիմանելու, իրեն յատուկ ազդարարութեան գլխու երերումը բաւարար կ’ըլլար անհնազանդը կամ ուշացողը զգաստացնելու, որ աճապարէ զգեստները փոխելու: Կը վազէինք հանդերձարան եւ կը փորձէինք մենք մեզ արդարացնելու համար այդ օր առաւել լաւ խաղ ցուցաբերել:

Ծխելը բոլորովին աններելի էր, իսկ ձմեռները բացարձակապէս կ՛արգիլէր վտանգաւոր դահուկարշաւը, որ պասքեթպոլին թշնամի մարզ կը համարէր: Պէտք էր, որ խումբին հաւաքական շահերուն նախապատուութիւն տայինք եւ հասունութիւնը ունենայինք առաջնահերթութիւն տալու մեր ընտրած մարզին:

Մրցումներուն օրերը, խաղերէն ժամեր առաջ կու գար եւ կը պահանջէր, որ մենք նոյնպէս կանուխ եւ պատրաստ ներկայանանք դաշտ: Քոչը կը գրաւէր մեր խումբին յատկացուած նստարաններուն կողմը եւ պատերազմի մեկնող զօրավարի լրջութեամբ կը սկսէր վերջին հրահանգները արձակել, դիրքերու ցուցմունքներ, հակառակորդ խումբին տկար եւ զօրաւոր կէտերը մատնանշել, օրեր շարունակ մարզուած զանազան թուագրուած «combines»-ները  վերյիշեցնել, որոնք  պէտք էր կիրարկէինք իր մէկ ազդանշանով, այս կամ այն պարագային:

Երեք կէտի օրէնքը չկար այդ շրջանին, ուստի աւելի թիւ վայելելու հաճոյքը չունեցանք, հակառակ անոր որ մասնաւոր ժամանակ կը տրամադրէր հեռուէն կողով ապահովելու վարժութեան: Մեր մրցումները կ՛աւարտէին 60-ի մօտ արդիւնքներով, որ այսօր շատ աւելի բարձր պիտի գնահատուէր… Յաղթանակները վայելելու հաճոյքը երկար չէր տեւեր, որովհետեւ բնական եւ յաճախակի երեւոյթ կը համարէինք, սակայն կը պատահէին նաեւ հազուադէպ պարտութիւններ, եւ այդ ձախորդ մրցումներուն հետեւանքները աւելի խոցելի եւ անմոռանալի կ՛ըլլային, քան յաղթանակները: Բնաւ չեմ մոռնար այն օրը, որ փոքր տարբերութեամբ կարեւոր մրցում մը կորսնցուցինք: Այդ գիշեր Պէյրութի գիշերային վայրերէն մէկուն մէջ պարանցիկ մը տեղի կ՛ունենար. տղոց խումբի մարզիկները մեր տրամադրութիւնը փոխելու համար մեզ հոն հրաւիրեցին: Երիտասարդութեամբ խճողուած երեկոյ մըն էր, ուր բարձր երաժշտութիւնը եւ պարը  հասած էր իր գագաթնակէտին: Մենք երեք «սգակիր» մարզիկներս, սպառած ջիղերով չկարողացանք դիմանալ այդ թոհ ու բոհին, այդ ուրախ մթնոլորտը մեզ անտանելի թուեցաւ: Տղոցմէ խնդրեցինք, որ անմիջապէս մեզ Էշրեֆիէ` քոչին տունը տանին ու ալ մեզ չսպասեն: Կէս գիշերը անց Պոյաճեաններուն դուռը թակեցինք անփափկանկատ կերպով. հակառակ անոր որ ուշ գիշեր էր, սակայն առանց վարանելու արթնցուցինք քոչն ու իր կինը: Պարտուած էինք այդ օր եւ միայն իրեն հետ կրնայինք բաժնել մեր զգացումները, մնացինք հոն երկար` մխիթարական, քաջալերակամ խօսքեր լսելու: Առաւօտեան կանուխ ժամերուն քոչը ստիպուած` մեզ մէկ մէկ մեր տուները ընկերացաւ:

Այս երկար տարիներու ժրաջան փորձերու, մրցումներու, ճամբորդութիւններու յիշատակներէն միայն բեկորներ կը սեղմուին այս փոքր գրութեանս մէջ: Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի բաց դաշտին մէջ մարզուեցանք ցուրտին, անձրեւին, խոնաւ ու հեղձուցիչ տաքին, քրտինք թափեցինք, յաղթանակներ եւ պարտութիւններ ունեցանք, ցնծացինք ու լացինք, երբ օրեր ու տարիներ դաշտն ու ակումբը իր եւ մեր կեանքին անբաժան մէկ մասնիկը դարձան:

Այժմ կը գիտակցիմ, թէ կեանքը որքա՜ն կարճ ու անցողական է, վստահ եմ, որ քոչին դէմքին փոքր ժպիտ մը պիտի ուրուագծուի, երբ այս տողերը կարդայ եւ ինք նոյնպէս վերյիշէ այն երկար տարիները, որոնք թռան ու անհետացան, եւ հաւանաբար զարմանայ, որ իր կրկնած օրէնքները տակաւին թարմ մնացած են մտքիս մէջ, եւ ինչպէս ինք պատուիրած էր` հաւանաբար բոլորին ականջին օղ դարձած:

Այսօր, ի տես ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի աղջկանց  խումբերու վերելքին, վստահաբար Ժաք Պոյաճեան որքա՜ն հպարտ զգացումով կը տոգորուի եւ որքա՜ն հրճուանք կ՛ապրի անոնց նուաճած յառաջդիմութեամբ:

Իսկապէս որ պատշաճ էր ՀՄԸՄ-ի աղջկանց Լիբանանի բաժակի ախոյեանութեան յաղթանակի հանդիսութեան արժեւորել ու պատուել նաեւ նախկին քոչը` Ժաք Պոյաճեանը եւ իր երբեմնի մեծ վաստակը: Պատշաճ է նաեւ Ժաք Պոյաճեանը մասնակից դարձնել աղջկանց Ա. եւ Բ. խումբերու յաջողութիւններուն:

Հունտերը, զորս ցանած ես, քո՛չ, կը շարունակեն արդիւնք տալ, քու ձագուկներդ կամ անոնց զաւակներն են, որ այսօր բարձր կը պահեն ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի ջահը:

Շնորհաւորութիւններս, քո՛չ, անցեալի վարձքդ կատար:

Շնորհաւորութիւններ աղջկանց զոյգ խումբերուն:

 

Ֆրանսա

Share this Article
CATEGORIES