Դիտարկել` Լաւագոյնս Գործելու Համար

ՌՈՊԷՐ ԱՅՏԱՊԻՐԵԱՆ

Aydabirian_MerkelԳերմանիոյ վարչապետ Մերքել կը սահմանագծէ Եւրոպան` Վոսփորէն վեր, Ատլանտեանէն Ուրալ:

«Պատմութեան հեգնանքը. մինչ ցամաքահանումի ծովափներուն վրայ կը նշենք յաղթանակը Գերմանիոյ դէմ, արդարեւ, եօթանասուն տարի ետք, մեր փրկութիւնը անկէ պիտի գայ», կը գրէ տնտեսագէտ Էրիք Լը Պուշէ, յունիս 6-ի «Լէ զ՛Էքօ»-ին մէջ:

Այս տեսակէտը բնականաբար կը բաժնեմ, նկատի ունենալով, որ 70-ականներուն առիթը ունեցած եմ հաստատելու գերմանական ուժականութիւնը` ճարտարարուեստի եւ առեւտրական ոլորտներուն մէջ, շփում ունենալով Շթութկարթի Հուլեթ-Փաքարտ գործարանի պաշտօնէութեան եւ Եւրոպայի գործի մարդոց հետ, որոնք ներկայ էին եւրոպական բոլոր մեծ օդակայաններուն մէջ:

Արդարեւ, 1970-ին էր, որ իմացանք այն սփոփիչ լուրը, թէ Գերմանիոյ ընկերվար-դեմոկրատական վարչապետ Ուիլի Պրանտ (1969-1973) ստորագրած է գերմանախորհրդային եւ գերմանալեհական համաձայնագրերը, եւ թէ` ծնրադրած է Վարշաւայի կեթոյի յուշարձանին առջեւ: Եւրոպական սահմաններու անբռնաբարելիութեան եւ Պերլինի կարգավիճակին քառամասն բնոյթի ճանաչումի այս խելացի եւ հետեւողական դիւանագիտութիւնը թոյլ տուաւ, որ միջազգային յարաբերութիւնները իրենց լարուած վիճակէն դուրս գան, եւ հեռանայ երկու գեր ուժերու միջեւ (Միացեալ Նահանգներ եւ Խորհրդային Միութիւն) հիւլէական պատերազմի սպառնալիքը, որ կը սաւառնէր մեր գլուխներուն վրայ: Արեւելաեւրոպական այս նոր քաղաքականութիւնը` Օսթփոլիթիքը Հելմութ Քոհլին թոյլ տուաւ բանակցութիւններու (եւ քանի մը միլիառ մարքի) միջոցով Կորպաչովէն փրցնել Գերմանիոյ վերամիացումը:

Այսօր քրիստոնեայ-դեմոկրատական Անկելա Մերքելի կարգն է անցեալի խելացի դիւանագիտութեան օգուտները քաղելու եւ որպէս Եւրոպայի տնտեսապէս առաջատար ուժ` իր գերիվերութիւնը հաստատելու, ամրապնդելու համար Եւրոպական Միութիւնը` ելեւմտական, տնտեսական եւ քաղաքական ոլորտներուն մէջ (տե՛ս քովի սիւնակի գրութիւնը),

երկխօսութեան ճամբով Փութինի հետ պատրաստելու համար Ուքրանիոյ տնտեսական փրկութիւնը: Ինչ որ արդէն անդադրում կերպով ըրաւ վեց ամիսէ ի վեր:

Վիլնիուսի դառն ձախողութեան լոյսին տակ, յղանալու համար Եւրոպական գործընկերութեան նոր քաղաքականութիւն մը, որ ընդունելի ըլլայ ներգրաւելի բոլոր երկիրներէն, ներառեալ` Ռուսիայէն, եւ վերջապէս, արգելք հանդիսանալու համար Էրտողանի մահմետա-ազգայնական քարոզչութեան իր երկիրը ներթափանցումին, որ գերմանացի քաղաքացիներուն համար ոչ նուազ կարեւոր հարց մըն է:

Այս վերջին կէտին կապակցութեամբ կը գնահատենք Մերքելի աննկուն կեցուածքը` Էրտողանին կողմէ կատարուած բազմաթիւ գրգռութիւններուն եւ ներքին միջամտութիւններուն նկատմամբ, երբ ան կը յարձակէր ծագումով թուրք գերմանացի խորհրդարանականներու եւ նախարարներու վրայ, որոնք դէմ են իր քաղաքականութեան:

Եթէ ֆրանսացի ղեկավարները նման կեցուածք որդեգրած ըլլային, վստահաբար գործատիրական արհմիութիւնները եւ Թուրքիոյ կողմէ գանձատրուած հիմնարկները պիտի չյաջողէին խոչընդոտել Պուայէի օրէնքը Սահմանադրական խորհուրդին մէջ:

Անկելա Մերքել չի մոռնար, ինչպէս ըրաւ 2014 փետրուարին, Էրտողանէն պահանջելու, որ «առերեսուի իր պատմութեան հետ»: Նկատի ունենալով 1915-ի Ցեղասպանութեան ընթացքին Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը երիտթուրքերուն հետ, 2015-ը պատշաճ առիթը պիտի ըլլայ, որ գերմանացի վարչապետը ապաշխարէ հայկական ոգեկոչումներու ընթացքին:

Հետեւաբար մեզի կը թուի, թէ աւելի քան յարմար առիթ է, որ Հայաստան եւ Պերլինի իր դեսպանը այս ուղղութեամբ շփումներուն զարկ տան® ամուր ու մնայուն յարաբերութիւններ զարգացնելէ անդին` արդիւնաբերող այդ հզօր երկրին հետ, որ դարձած է եօթանասուն տարիներու ընթացքին ժողովրդավարական եւ խաղաղասէր Գերմանիան:

 Հատուած` Էրիք Լը Պուշէի Յօդուածէն
«Երբ Գերմանիան Մեզ Պիտի Փրկէ»

Գերմանիան ապագան է նաեւ Ֆրանսայի: Ճիշդ է, որ` «Միացեալ Նահանգներ կը մնայ իշխող կայսրութիւնը, անոր տնտեսութիւնն է, որ կ՛իշխէ ամբողջ մոլորակին վրայ, եւ իր օրէնքները կը կիրարկէ քմահաճօրէն, վկայ` Պի. Էն. Փի.ն, որ ունեցաւ սուղ արժող փորձառութիւն: Բայց գերմանացիներն են, որ մեզ դուրս պիտի հանեն թակարդէն, ընկճումէն, եւ կամ եթէ համարձակինք ըսել` «տարօրինակ պարտութենէն», որուն մէջ կը գտնուինք այսօր, 2014-ին, ճիշդ այնպէս, ինչպէս կը գտնուէինք 1940-ին: Վերակարդալ Մարք Պլոքը եւ հասկնալ, որ ֆրանսական բանակը յանցաւոր էր, երբ հաւատք ընծայեց Մաժինոյի գիծի պաշտպանականութեան, բայց ան միակը չէր: Ամբողջ Ֆրանսան լկտիաբար փակուած էր վտանգին պատճառած կուրութեան մէջ: Ղեկավար դասերը, որոնք` «կը տարածեն իր տկարութիւններուն մատչելի` խուճապի հոգեվիճակ», արհմիութենականութիւն մը, որ կը մերժէ զոհողութիւն կատարել, ձեռնարկատէրեր, որոնք` «կը հաշուեն իրենց լումաները», «անշունչ մնացած» մտաւորականութիւն եւ խեղճուկ թերթեր»:

Ֆրանսա Գերմանիայէն կրնայ ձեռք ձգել չորս բարելաւում` «Նոր զարկ»` տարադրամին: Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատան նախագահը` Մարիօ Տրակի, այդ ուղղութեամբ վերջերս որոշում կայացուց:

Որոշ բարեացակամութիւն` պակասորդի 3 առ հարիւրի սահմանի յարգանքի նկատմամբ:

Նոր զարկ` սպառումին, ինչ որ արդէն մասամբ կատարուած է գերմանական աշխատավարձերու յաւելումով:

Եւ` Եւրոպայի քաղաքական փրկութիւն:

Եւրոպական ընտրութիւնները Ֆրանսան տկարացուցին: Անկելա Մերքել ինքզինք կը գտնէ եւրոթերահաւատութեան դէմ պայքարելու պատասխանատուութեան առջեւ:

Էրիք Լը Պուշէի կարծիքով, «պատմութեան տարօրինակ շրջադարձ մըն է, հիմա Գերմանիոյ կարգն է աջի ծայրայեղութեան դէմ պայքարելու… Բայց նաեւ անոր կը մնայ դուրս ելլել իր գերմանակեդրոնացած տեսիլքներէն, որպէսզի ընէ այն, ինչ որ կ՛ակնկալենք իրմէ` հաստատել եւրոպական համարկող կամք, ստեղծել ապագան պատրաստելու միջոցներ, յառաջացնել եւ գանձատրել հասարակաց պաշտպանութիւն մը»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )