Իսլամ Ծայրայեղականներու Զէնքերը Թուրքիայէն Կ՛անցնին. «Ուաշինկթըն Փոսթ»
«Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը լուր մը հրատարակած է Թուրքիոյ մէջ իսլամ ծայրայեղականներու գործունէութեան մասին` նշելով, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները տապալելու մոլուցքով տարուած Անգարան առիթ ընծայած է իսլամ ծայրայեղականներու հզօրացման:
Կը նշուի, որ «Իսլամական պետութիւն» կոչուող այս ահարկու կազմակերպութիւնը իր ուժին տիրացաւ Թուրքիոյ կողմէ իր վայելած զօրակցութեան շնորհիւ: Անոր հրամանատարներէն մէկը, որուն հետ հարցազրոյց մը կատարուած է Թուրքիոյ Ռէյհանլը քաղաքին մէջ, ըսած է. «Մեր անդամներէն ոմանք թրքական հիւանդանոցներու մէջ բուժուեցան: Պատերազմի սկզբնական օրերուն մեր պայքարին միացող օտարներու մեծամասնութիւնն ու պատերազմի ընթացքին գործածուած զէնքերը Թուրքիոյ տարածքով հասան մեզի»:
Միջին Արեւելքի մէջ ամէնէն վայրագ խմբակը ըլլալէ առաջ, այս կազմակերպութիւնը Սուրիոյ սահմանին վրայ թրքական գիւղաքաղաքները օգտագործած է իբրեւ առեւտուրի կեդրոն, եւ Թուրքիա այս տարածքը տրամադրած է որպէս կեդրոն` պատերազմի գացող օտարներուն ու անոնց զէնքերու փոխադրութեան:
Թերթը կ՛եզրակացնէ, որ յիշեալ կազմակերպութիւնը իր յաջողութիւնը մասամբ կը պարտի թուրքերուն, աւելցնելով, որ այժմ` «Թուրքիա իր ցանածը կը քաղէ»:
Ռէյհանլըի քաղաքապետ Թամեր Ափիշ թերթին յայտնած է, որ Թուրքիա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ եղողները գոհունակութեամբ դիմաւորած է, իսկ հիմա անոնք` «կը սպաննեն, իրենց հիւանդութիւնները կը տարածեն եւ Թուրքիոյ կատարած բարիքին փոխարէն` չարիք կը բերեն, իսկ այս բոլորին գինը մե՛նք բոլորս կը հատուցենք»:
«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի համաձայն, ծայրայեղականները իրենց հակակշիռին տակ գտնուող տարածքներէն դէպի Թուրքիա քարիւղ կը մաքսանենգեն, սահմանին վրայ ապօրինի կերպով զէնքի եւ ապրանքի փոխադրութիւն կը կատարեն: Թուրքիա այս ապօրինութիւններուն վերջ տալու համար որոշ քայլերու դիմած է, բայց անոնք բաւարար չեն եղած: