Քանատայի Մէջ Ծախու Է Լքուած Քաղաք Մը
«Dni.ru» կայքը կը հաղորդէ, որ Քանատայի Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգին մէջ վաճառքի հանուած է Պրետիըն փոքր քաղաքը, որ հիմնուած է նախորդ դարու երեսունական թուականներուն` ոսկիի հանքի մը կողքին: Քաղաքին մէջ ապրած են աշխատաւորներն ու անոնց ընտանիքները: 1971-ին հանքը փակուած է, որմէ ետք բնակավայրը լքած են բոլոր բնակիչները:
Պրետիըն քաղաքին մէջ կայ 22 շինութիւն` բնակելի տուներ, գրասենեկային հաստատութիւններ, գինետուն եւ խանութ: Անշարժ գոյքի գործակալութիւնը բնակավայրին համար կը պահանջէ 909 հազար ամերիկեան տոլար:
Գնորդները գրաւելու համար ընկերութիւնը կը պատմէ լքուած քաղաքին «գաղտնի» առաւելութիւններուն մասին, ներառեալ` հրաշալի շրջապատը, լեռները, ուր կարելի է ձմեռնային մարզաձեւերով զբաղիլ, իսկ մօտակայքը երկու մեծ քաղաք` Ուիսլըր եւ Վանքուվըր: Բոլոր շինութիւնները հիանալի կերպով պահպանուած են: Քաղաքը հրաշալի է ընտանեկան հանգիստի համար:

