Հնդկական Տաճարին Մէջ Տեղի Ունեցած Հրմշտուքէն 10 Մարդ Մահացած Է
ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Հնդկաստանի մէջ տաճարի մը մօտ սկսած հրմշտուքի մը պատճառով առնուազն տասը մարդ մահացած է եւ 60 ուրիշներ վիրաւորուած են:
Դէպքը պատահած է Հնդկաստանի կեդրոնական Մատհիա-Փրատեշ նահանգին մէջ գտնուող Քամթանաթհ տաճարին մօտ:
Հնդկական ոստիկանութեան տուեալներով, տաճարին մօտ քանի մը հազար ուխտաւոր եղած է: Արարողութեան ժամանակ պարիսպը տապալած է, մարդոց մէկ մասը ինկած է, որուն պատճառով ե՛ւ խուճապ, ե՛ւ հրմշտուք յառաջացած է:
Հնդկաստանի մէջ կը նշուի Շիվայի նուիրուած նորալուսնի տօնը:
CATEGORIES Միջազգային

