Լիճէի Մէջ Քանդուած Արձանը Ութ Ամիսէ Ի Վեր Հոն Էր Արդէն

0825_Korkmaz

Մահսուտ Քորքմազ

«Մարմարա» կը գրէ, որ թրքական մամուլը նոր ու հետաքրքրական լուր մը հրապարակած է Լիճէի մէջ պետական ուժերու կողմէ քանդուած արձանին կապակցութեամբ: Խնդրոյ առարկայ արձանը ՔԱԿ-ի սպաննուած գործիչ Մահսում Քորքմազի արձանն է, որուն համար ըսուած էր, որ նոր տեղադրուած է Լիճէի Եոլչաթը գիւղին մէջ` ՔԱԿ-ի անդամներուն յատկացուած գերեզմանոցի մը հողամասին վրայ:

Տիգրանակերտի կուսակալութիւնը այս արձանին դէմ աշխատանքի անցած էր, գանգատ ներկայացուցած էր, իսկ զինուորական ուժերն ալ դատարանին որոշումով արձանը քանդած էին: Քանդելու գործողութեան ընթացքին բախումներ տեղի ունեցած էին, եւ քաղաքացի մը սպաննուած էր: Զինուոր մը աւելի ուշ արկածի մը ենթարկուելով մեռած էր:

«Հապեր Թիւրք» օրաթերթի աշխատակից Կիւնկէօր Քարաքուշ տեղւոյն բնակիչներուն հետ խօսած է եւ իմացած, որ Մահսում Քորքմազի արձանը նոր տեղադրուած չէ, այլ հոն դրուած էր 8 ամիսէ ի վեր: 15 օգոստոսին անոր բացումը կատարուեցաւ, սակայն անկէ առաջ ալ հոն էր եւ անկարելի էր, որ իշխանութիւնները այսպէս կամ այնպէս տեսած չըլլային զայն կամ տեղեակ չըլլային անոր գոյութենէն:

Գիւղացիները պնդած են նաեւ, որ ճիշդ չէ սպայակոյտի ղեկավարութեան կողմէ հրապարակուած այն լուրը, ըստ որուն արձանի քանդման գործողութեան ընթացքին 200-500 հոգիէ բաղկացած ուժ մը հրթիռարձակներով յարձակած է զինուորներուն վրայ: Դէպքին ընթացքին հոն հարիւրաւոր կիներ ու մանուկներ կը գտնուէին եւ անոնք տեղեկութիւն չունէին զինուորական գործողութենէն: Բոլորն ալ համակարծիք են, որ պատահածը «գրգռութիւն» մըն էր իրենց դէմ սարքուած:

«Պի.Պի.Սի.»-ի թրքերէն ծառայութեան հաղորդումներուն մէջ ալ ըսուած է, որ բազմաթիւ լրագրողներ յայտնած են, որ արձանը գաղտնի կերպով զետեղուած չէր, արձանին զետեղման գործողութեան մասնակցած էին հարիւրաւոր գիւղացիներ, արձանը արդէն իրագործուած էր 56 գիւղերու մասնակցութեամբ եւ նիւթական օժանդակութեամբ: Եոլչաթը գիւղին մէջ սպաննուած ՔԱԿ-ի անդամներուն մարմինները նախապէս թաղուած էին հոս-հոն, սակայն երբ հաշտութեան հոլովոյթը սկսաւ, տեղացիները անոնց մարմինները թաղեցին նշեալ գերեզմանատան մէջ, ուր այժմ կը նշուի, որ ՔԱԿ-ի 250 անդամներու գերեզմանները կան:

Share this Article
CATEGORIES