Ժիրինովսքի Կ՛ուզէ Արգիլել Բոլոր Կուսակցութիւնները Եւ Անցնիլ Միապետութեան

Վլատիմիր Ժիրինովսքի
«Vesti.ru» կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Ազատական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքիի կարծիքով` Ռուսիոյ մէջ անհրաժեշտ չէ ժողովրդավարութիւնը եւ ան կ՛առաջարկէ արգիլել բոլոր քաղաքական կուսակցութիւնները եւ երկրին մէջ ընտրել կառավարման մէկ այլ ձեւ:
Ռուս քաղաքական գործիչը առաջարկած է անցնիլ ընտրովի միապետութեան: Ան նշած է, որ ժողովրդավարութեան պահպանման պարագային, Ռուսիա պիտի շարունակէ սողալ` ընդգծելով, որ չսողալու, այլ քալելու համար պէտք է հեռանալ ժողովրդավարութենէն եւ որդեգրել կայսերական կառավարման ձեւը:
Ըստ Ժիրինովսքիի, ժողովրդավարական համակարգը, ինչպէս նաեւ բազմակուսակցականութիւնը, պարտադրուած են թոյլ երկիրներուն: Ան առաջարկած է անոնց փոխարէն որդեգրել ընտրովի միապետութիւն` «հինգ-վեց հազար մարդ կը հաւաքուի եւ կ՛ընտրէ կայսրը»:

