ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովը` Առանց Ռուսիոյ

0825_NATO«Քոմերսանթ» կայքը կը հաղորդէ, որ ռուս դիւանագէտները չեն ստացած մասնակցութեան հրաւէր սեպտեմբերին տեղի ունենալիք ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին, ուր պիտի քննարկուին Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները:

4-5 սեպտեմբերին Կալեսի մէջ նախատեսուած վեհաժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին հաւաքական պաշտպանութեան ամրապնդման հարցին մէջ ՕԹԱՆ-ի պատրաստակամութեան, զինուորական ծախսերու յաւելման, Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն եւ Ուքրանիոյ հետ կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Աֆղանիստանէն զօրքերու հեռացման առնչուող հարցեր:

Թէեւ բոլոր նիւթերը կապ ունին Ռուսիոյ հետ, սակայն Մոսկուայէն դիւանագէտներ ներկայ պիտի չըլլան վեհաժողովին: Ինչպէս ՕԹԱՆ-էն աղբիւրներ բացատրած են, ռուսական պատուիրակութեան մասնակցութիւնը «աննպատակայարմար» նկատուած է:

Share this Article
CATEGORIES