«Խաղաղ Բնակչութեան Դէմ Ուքրանացի Ուժայիններուն Գործողութիւնները Զինուորական Յանցագործութիւն Են» Կ՛ըսէ Լաւրով

Սերկէյ Լաւրով
«Ria.ru» կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է, որ խաղաղ բնակչութեան դէմ ուքրանացի ուժայիններու գործողութիւնները «զինուորական յանցագործութիւն» են, իսկ անջատողականներու կողմէ այդպիսի գործողութիւններ չեն կատարուիր:
Լաւրով նշած է, որ Ռուսիա պատրաստ է օգնելու ներուքրանական երկխօսութեան, «որ ուքրանացիներուն պիտի օգնէ ապրելու մէկ պետութեան կազմին մէջ»: Սակայն, ըստ անոր, կարեւոր է այն հարցը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապակեդրոնացում կատարուի եւ ի՛նչ իրաւասութիւններ պիտի ունենան Ուքրանիոյ շրջանները: Ան ընդգծած է, որ ատիկա պէտք է կատարուի բանակցային հոլովոյթներու ծիրին մէջ:
Նախապէս Լաւրով ըսած էր, որ Ռուսիան Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան նամակ յղած է, որով տեղեկացուցած է մարդասիրական բեռներով բեռնակառքերու նոր կարաւան պատրաստելու մտադրութեան մասին:

