Վրաստան Չի Միանար Ռուսիոյ Դէմ Տնտեսական Պատժամիջոցներուն

Օթար Տանելիա
«Gazeta.ru» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Օթար Տանելիա` մեկնաբանելով Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչ Փիթըր Սթանոյի խօսքերը, յայտարարած է, որ Վրաստան չի միանար Ռուսիոյ դէմ տնտեսական պատժամիջոցներուն եւ վրացական կառավարութիւնը այդ հարցով Եւրոպական յանձնաժողովէն պաշտօնական առաջարկ չէ ստացած:
«Մենք հաշուի պիտի առնենք միայն պաշտօնական յայտարարութիւններն ու Վրաստանի կառավարութեան ուղարկուած դիմումները, իսկ նման դիմում չէ ուղարկուած», ըսած է ան:
Նախապէս Տանելիա յայտնած էր, որ Վրաստանէն Ռուսիա արտածուող սննդամթերքը կրնայ համալրուիլ ձուկով, գառնուկի միսով եւ մեղրով: «Դէպի Ռուսիա աւելի շատ մթերք մատակարարելու» Վրաստանի պատրաստակամութեան մասին յայտարարած էր նաեւ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի:
CATEGORIES Միջազգային

