ՄԱԿ-ի Մօտ Իսրայէլի Մնայուն Ներկայացուցիչ. «Քաթար Քուլիսներուն Ետեւէն Կը Ղեկավարէ Համասը»

Ռոն Փրոսոր
ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոն Փրոսոր «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ Քաթարը ամբաստանեց քուլիսներու ետեւէն Համասը ղեկավարելու, «ահաբեկչական փապուղիներու շինութիւնն ու շարժումին օգտագործած հրթիռներու արտադրութիւնը ֆինանսաւորելու յանցանքով»:
Փրոսոր միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց Քաթարի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի վերջինս դադրի ահաբեկչական կազմակերպութիւնները ֆինանսաւորելէ:
«Քաթար խնդիրին մաս կը կազմէ եւ ոչ թէ լուծումին», ընդգծեց Փրոսոր:
CATEGORIES Միջազգային

