Սպասելով Զինադադարի Շուրջ Համաձայնութեան Գոյացման. Իսրայէլեան Եւ Պաղեստինեան Կողմերուն Միջեւ Բախումները Շարունակուեցան

0825_Gaza2Պաղեստինեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւնները երէկ Գահիրէի մէջ շարունակեցին զինադադարի հաստատման շուրջ բանակցիլ: Եգիպտական աղբիւր մը երէկ գիշեր իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթի կայքին յայտնեց. «Այս գիշեր զինադադարի յայտարարութեան կը մօտենանք»:

Մինչ այդ, Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումին ծիրին մէջ իսրայէլեան ռմբաձիգներ երէկ ռմբակոծեցին Ռաֆահի ցամաքային անցքին շրջանը եւ մեծ վնասներ պատճառեցին: Իսրայէլեան ռմբաձիգները նաեւ քանդեցին Զէյթուն թաղամասին մէջ գտնուող Ալի պըն Ապի Թալեպ մզկիթը:

Պաղեստինեան դիմադրութիւնը իր կարգին հակադարձեց իսրայէլեան յարձակումներուն` հրթիռակոծելով Իսրայէլի խորքը: Հրթիռակոծուեցան Երուսաղէմը, Տեմոնան, Պեն Կորիոն օդակայանը եւ շարք մը բնակեցման վայրեր:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ Կազայի շուրջ գտնուող շարք մը բնակեցման վայրերու շուրջ 400 ընտանիքներ խնդրած են զիրենք Կազայի հետ սահմանէն աւելի հեռաւոր շրջաններ փոխադրել:

Share this Article
CATEGORIES