Ընդդիմադիր Ռաուլ Խաճիմպա` Աբխազիոյ Նորընտիր Նախագահ
Աբխազիոյ նախագահական ընտրութիւններուն յաղթեց ընդդիմադիր ներկայացուցիչ Ռաուլ ԽաՃիմպա:
Աբխազիոյ Կենդրոնական ընտրական յանձնախումբի վերջնական տուեալներով` Ռաուլ Խաճիմպա հաւաքած է ձայներուն 50.57 առ հարիւրը, իսկ անոր հիմնական մրցակից, ապահովութեան ծառայութեան ղեկավար Ասլան Պժանիա` 35.91 առ հարիւրը:
Նախագահական ընտրութիւններուն զուգահեռ Աբխազիոյ մէջ ընտրուեցաւ նաեւ փոխնախագահը. այդ պաշտօին համար հինգ տարուան ժամանակով ընտրուեցաւ վեթերաններու «Արուա» կազմակերպութեան նախագահ Վիթալի Գապնիա:
Ազրպէյճան Չի Ճանչնար Աբխազիոյ
Նախագահական Ընտրութիւնը
«Haqqin.az» կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճան չէ ճանչցած Աբխազիոյ մէջ կիրակի օր տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնը:
Ազրպէյճանական կայքը կը նշէ, որ այս ձեւով Ազրպէյճան սատարած է Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան:
CATEGORIES Միջազգային

