Մոալլեմ. «Սուրիա Պատրաստ Է Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարին Մէջ Շրջանային Եւ Միջազգային Պետութեանց Հետ Գործակցելու Եւ Համակարգում Կատարելու»

Ուալիտ Մոալլեմ

Ուալիտ Մոալլեմ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի վերջին որոշումին ծիրին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ շրջանային եւ միջազգային պետութեանց, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ հետ գործակցելու եւ համակարգում կատարելու` շեշտելով, որ Սուրիան պէտք է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային դաշնակցութեան մէջ ըլլայ` «եթէ այդ ուղղութեամբ լուրջ են»:

«Դամասկոս մինչեւ հիմա ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առնչութեամբ Արեւմուտքին կողմէ լրջութիւն չնշմարեց: Յառաջիկայ օրերը պիտի վճռեն, թէ շրջանային ու միջազգային պետութիւնները որքանո՛վ լուրջ են ահաբեկչութեան դէմ պայքարին նկատմամբ», ըսաւ ան:

Սուրիական դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց. «Սուրիական հողամասերուն վրայ առանց սուրիական կառավարութեան հետ գործակցութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերնագիրին տակ կատարուած որեւէ գործողութիւն յարձակում է»:

Մոալլեմ ըսաւ. «Թուրքիա պէտք է իր ժողովուրդին ու կառավարութեան սիրոյն փոխէ իր քաղաքականութիւնը, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը սահման չունի»: Անդրադառնալով Ժետտայի մէջ Սուրիոյ հարցով արաբական կապի խմբակի ժողովին` ան ըսաւ. «Եթէ ժետտայի ժողովին նպատակը քաղաքական լուծում գտնելն է, ապա ատիկա միայն սուրիացիներուն միջոցով կրնայ ըլլալ»:

 

Share this Article
CATEGORIES