Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պաթրուն կատարած իր այցելութեան ընթացքին շեշտեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի վտանգներուն դէմ դնելու անհրաժեշտութիւնը: Ան ընդգծեց նաեւ, որ նախ եւ առաջ պէտք է Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նախագահ ընտրել:
ԱՆԱՏՈԼՈՒ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ժապհաթ Նուսրայի ղեկավարը կը նպատակադրէ զինուորական յարձակում մը գործել` ազատ արձակելու համար Լիբանանի մէջ գտնուող իրենց «գերիներ»-ը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը մերժէ ոեւէ զինուորականի մը կամ քաղաքացիի մը արեան կաթիլի հեղում, որ կրնայ պատճառ ըլլալ իր հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Անիթա Նայեարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն մաղթեց, որ յառաջիկայ հոկտեմբերին նախագահական ընտրութիւն կատարուի, որպէսզի կարելի ըլլայ դիւրացնել երկրին երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու հոլովոյթը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի նախագահական ընտրութիւններուն համար առաջադրած է նախկին նախարար Ժան Օպէյտի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի թեկնածութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտած է, որ ինք հրաժարած է Սուրիոյ վարչակարգը տապալելու իր մտադրութենէն:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ ներկայիս լիբանանեան դրամատուներուն ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը հեզասահ պիտի չընթանայ, այնքան ատեն որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը փոխարինելու այլընտրանք չկայ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի Ալէյ կատարած այցելութիւնը եղած է շինիչ եւ յաջող:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի շեշտեց, որ շրջանին մէջ կը տիրէ ՏԱՀԵՇ-ական եւ հաւատադրժողական մթնոլորտ մը, որուն դիմադրելու համար պէտք է լիբանանեան միասնականութիւնը պահպանել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ իրենց համար նախագահական ընտրութիւն կատարելը առաջնահերթութիւն է:
«ԹԵԼԷ ԼԻՒՄԻԵՐ» պատկերասփիւռի կայանը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն, յատկապէս քաղաքացիական ընկերութեան շրջանակներուն չորեքշաբթի, 27 օգոստոս 2014-ին կազմակերպելու բողոքի ցոյց մը` պահանջելով հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը եւ ապա երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը:
ԺԱՄԱԱ իսլամիէի քաղաքական պատասխանատու Պասսամ Համմուտ կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական կեանքը կարգաւորելու` արագացնելով հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն յատուկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը կարելի կը դառնայ միայն, երբ անոր մասին շրջանային համաձայնութիւն մը գոյանայ:
ՍԱՅՏԱՅԻ միւֆթի շէյխ Սելիմ Սուսան կոչ ուղղեց դիմադրելու իսլամական կրօնը աղաւաղող բոլոր փորձերուն:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ լոյս տեսնող «Խալիժ» օրաթերթին համաձայն, ամէն ջանք ի գործ կը դրուի ազատ արձակելու համար Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած լիբանանցի զինուորները:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած լիբանանցի զինուորները ազատ արձակելու նպատակով քաթարեան եւ թրքական միջամտութեան մասին տեղեկութիւնները անճիշդ են:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն համաձայն, նախագահական ընտրութեան վերաբերող Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի առաջադրած նախաձեռնութիւնը աւելցուցած է մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ լարուածութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալի Քանսօ երէկ հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական իշխանութիւններուն կողմէ ահաբեկչութեան նկատմամբ ցուցաբերուած հաշտ վարուելակերպը ամօթալի է եւ վարկաբեկիչ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի անդամ երեսփոխան Ղազի Արիտի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ այլոց հետ երկխօսութիւն կատարելը կարեւոր է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ականութեան ամէնէն վտանգաւոր տեսակը այն է, որ իր անձնասիրութեան պատճառով կը սպաննէ իր շրջանակը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոպեր Ղանեմ շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքական բոլոր անձնաւորութիւններուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ կոչ ուղղեց զինուելու` պաշտպանելու համար Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ քաղաքացիներուն սրբութիւնները:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եամմին շեշտեց, որ առեւանգուած զինուորներուն հարցին լուծումը ի սկզբանէ պակասաւոր էր:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի, որ լիբանանեան բանակը ռմբակոծէ Արսալը եւ սպաննէ անոր բնակչութիւնը:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ երեսփոխանական պլոքներուն` ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը եւ ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս այցելելէ ետք հանրապետութեան նորընտիր միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի յայտնեց, որ առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու մասին լաւ լուրեր պիտի լսուին մօտիկ ապագային:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն շեշտեց, որ իրենք չեն փափաքիր նախագահական ընտրութենէն առաջ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Քապպանի բարձր գնահատեց շրջանին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը` հաստատելով, որ Թուրքիա իմաստուն եւ չափաւորական դերակատարութիւն մը ունենայ իսլամական կրօնին եւ իսլամներուն օժանդակելու համար:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ նախագահական ընտրութիւնը պարտադիր անցք մըն է` բոլոր հարցերը լուծելու նպատակով:

