Պասիլ Ընդունեց Զասիպքինը Եւ Ընդգծեց Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Անհրաժեշտութիւնը

Պասիլ եւ Զասիպքին

Պասիլ եւ Զասիպքին

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիպքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Զասիպքին յայտնեց, որ Պասիլի հետ քննարկած է Մոսկուայի կողմէ լիբանանեան բանակը զինելու կարելիութիւնը` աւելցնելով, որ այդ մասին բարձր մակարդակի քննարկումներ եւ խորհրդակցութիւններ կը կատարուին:

Զասիպքին հաստատեց, որ անհրաժեշտ է տագնապներուն խաղաղ եւ քաղաքական լուծումներ տրամադրել, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ` Արեւելքի մէջ ճիգերն ու ջանքերը միասնականացնելով:

Զասիպքին ընդգծեց նաեւ, որ Ռուսիա կը զօրակցի Լիբանանի խաղաղութեան եւ ապահովական կայունութեան:

Պասիլի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտի, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Միւս կողմէ, լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան կը զօրակցի արաբական թէ միջազգային որեւէ դրութեան կամ կազմակերպութեան, որ կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ:

Ան շեշտեց, որ Զասիպքինի հետ իր հանդիպումին ընթացքին անկէ պահանջած է Ռուսիոյ զօրակցութիւնը լիբանանեան բանակին:

 

Share this Article
CATEGORIES