Պութրոս Հարպ «Ալֆա»-ի Եւ «Թաչ»-ի Հետ Կը Համաձայնի Հաղորդակցութեան Հարցերուն Մասին Տեղեկագիր Մը Պատրաստել

Երկու ընկերութիւններու տնօրէններուն հետ հանդիպումէն պահ մը
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց բջիջային հեռաձայնի հաղորդակցութեան «Ալֆա» եւ «Թաչ» ընկերութիւններուն տնօրէնները, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանի տարածքին երկու ընկերութիւններուն ծառայութեան արձանագրած բացթողումներն ու խանգարումները:
Նիստէն ետք Հարպ յայտնեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է, որ զոյգ ընկերութիւնները բջիջային հեռաձայնի հաղորդակցութեան հարցերուն մասին տեղեկագիր մը պատրաստեն:
CATEGORIES Լիբանանեան

