Զահիրիէի Մէջ Ռումբ Նետող Յանցագործը Մահացաւ Բանակէն Փախուստ Տալու Ընթացքին
Երէկ երեկոյեան Զահիրիէի մէջ գտնուող Հմայտի մզկիթին մօտակայքը երկու ռումբեր նետուեցան անծանօթի մը կողմէ:
Ռումբերը պատճառեցին երկու վիրաւորներ:
Բանակը փութաց դէպքին վայրը եւ շրջափակեց զայն` դէպքին հետաքննութիւն բանալով:
Աւելի ուշ բանակը ներխուժեց ռումբերը նետող յանցագործ Իսա Պապայի բնակարանը` զայն ձերբակալելու նպատակով, սակայն Իսա, որ փորձեց տան պատշգամէն փախուստ տալ` ինկաւ եւ մահացաւ:
Նշենք, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը հարաւային Լիբանանի Նմէյրիէ շրջանին մէջ ձերբակալեց վեց սուրիացի կասկածելիներ, որոնցմէ մէկը յանդգնած էր իրենց բնակած շրջանին մօտ գտնուող ժայռի մը վրայ «ՏԱՀԵՇ» բառը արձանագրել:
Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ներքին ապահովութեան ուժերը Տահր Պայտարի անցարգելին վրայ կրցած են ձերբակալել յանցագործ մը, որուն դէմ 131 բերման գիր արձակուած է:

