Ա. Նազարեան. «Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Փակումը Իր Ժխտական Ազդեցութիւնը Պիտի Ունենայ Ելեկտրական Հոսանքի Հայթայթումին Վրայ»

Հայեք, Նազարեան եւ Ժրայսաթի

Հայեք, Նազարեան եւ Ժրայսաթի

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ներկայ գտնուեցան Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեք եւ նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի:

Նախարար Նազարեան անդրադառնալով Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն որդեգրած մագլցողական քայլերուն հաստատեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան մէջ այսօր պատահածը օրինազանցութիւն է, իսկ ընկերութեան տնօրէնութեան ու պաշտօնեաներուն մուտքը արգիլելը քրէական յանցագործութիւն կը նկատուի եւ օրէնքի կարգով նման քայլերու դիմողը կը պատժուի:

Ա. Նազարեան շեշտեց Ելեկտրականութեան ընկերութեան բոլոր պաշտօնեաներուն ապահովութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ ընկերութիւնը փակ պահելու արարքը իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ելեկտրական հոսանքի հայթայթումին եւ նորոգութիւններ կատարելու աշխատանքներուն վրայ:

Իր կարգին, Հայեք շեշտեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ ապահովելու համար ելեկտրական հոսանքի կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի գործէ օրէնքի հիման վրայ:

Աշխատանքի նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի նոյնպէս խօսք առնելով ընդգծեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան բոլոր սարակները մնայուն պաշտօնեաներու վերածելու պահանջը օրէնքի խախտում կը նկատուի:

Ժրայսաթի կոչ ուղղեց սարակներուն զօրակցող քաղաքական անձնաւորութիւններուն վերջ տալու անոնց վրայ իրենց բանեցուցած ճնշումներուն եւ կացութիւնը աւելիով չսրելու:

 

Share this Article
CATEGORIES