Ներքին Գործոց Նախարարը Ընդունեց Առեւանգուած Զինուորներուն Ընտանիքները

Առեւանգուած զինուորներու ընտանիքներուն հետ հանդիպումէն պահ մը
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան մէջ ընդունեց առեւանգուած զինուորներուն ընտանիքները` ներկայութեամբ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի:
Հանդիպումին ընթացքին Մաշնուք շեշտեց, որ Արսալի մէջ առեւանգուած լիբանանցի զինուորներուն եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն ապահովութիւնն ու արժանապատուութիւնը Լիբանանի ապահովութեան եւ արժանապատուութեան համազօր է:
Մաշնուք շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ ազատ արձակելու համար զանոնք:
Հանդիպումին ընթացքին առեւանգուած զինուորներուն հարազատները իմացան իրենց զաւակներուն ազատ արձակումին նպատակով ընթացող բանակցութիւններուն մանրամասնութիւններուն մասին:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ լիբանանեան իշխանութիւններուն յանձնառութիւնը զանոնք ազատ արձակելու առումով:

Մաշնուք եւ Պըրրի
Մաշնուք հաստատեց, որ ինք կապի մէջ պիտի մնայ առեւանգուած զինուորներուն ընտանիքներուն հետ` զգուշացնելով կարգ մը լրատուամիջոցներուն կողմէ սփռուող ապատեղեկատուութենէն:
Միւս կողմէ, Մաշնուք ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիպքինը, որ իրեն փոխանցեց Մոսկուա այցելութեան հրաւէր մը` իր ռուս պաշտօնակիցէն:
Նշենք, որ Մաշնուք այցելեց Այն Թինէ, ուր ան ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:
Հանդիպումէն ետք Մաշնուք շեշտեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է Լիբանանի ապահովական իրավիճակն ու Արսալի զարգացումները:
Մաշնուք ընդգծեց, որ Պըրրիի համար Պեքաայի եւ Արսալի ապահովական կայունութիւնը առաջնահերթութիւն է:

