Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Դատապարտած Է Իրաքի Եզիտիներուն Հանդէպ Տեղի Ունեցած Բռնութիւնները

Գարեգին-Բ-Ամենայն-Հայոց-ԿաթողիկոսԱմենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս համայն եզիտիներու հոգեւոր առաջնորդ Թահսիմ Պէկին յղած է զօրակցութեան գիր մը, որ վերջինիս փոխանցուած է Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի միջոցով:

Ըստ Ս. Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգին հրապարակած հաղորդագրութեան, Ամենայն հայոց կաթողիկոսը խստօրէն դատապարտելով եզիտի ժողովուրդին  դէմ իրագործուող ջարդերն ու բռնութիւնները, վստահութիւն յայտնած է, որ բազմադարեան  պատմութիւն ունեցող եզիտի ժողովուրդը կը տոկայ եւ կը յաղթահարէ իր առջեւ դրուած այս փորձութիւնը:

Վեհափառը նաեւ կոչ ուղղած է միջազգային հանրութեան եւ կազմակերպութիւններուն անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու` դադրեցնելու համար եզիտիներու ջարդերը Իրաքի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES