Ռուսերուն 24 Առ Հարիւրը Լեռնային Ղարաբաղը Կը Նկատէ Անկախ Պետութիւն
Ըստ Հասարակական կարծիքի ուսումնասիրման համառուսական կեդրոնի կատարած հարցախոյզին արդիւնքներուն` ռուսերուն 24 առ հարիւրը Լեռնային Ղարաբաղը կը նկատէ անկախ պետութիւն:
Հարցուողներուն 11 առ հարիւրը կը նկատէ, որ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի տարածքն է, 9 առ հարիւրը` որ ատիկա մաս կը կազմէ Ազրպէյճանին:
Իսկ հարցուող ռուսերուն 56 առ հարիւրը կը կարծէ, որ ղարաբաղեան խնդիրի խաղաղ լուծումի կարելի է հասնիլ:
Հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ ռուսերը քիչ բան գիտեն Ղարաբաղի ու ղարաբաղեան տագնապին մասին: Անոնց մեծ մասը, այսուհանդերձ, յոյսով է, որ ատիկա կարելի է լուծել խաղաղ ճամբով:
Ռուսերուն միայն 45 առ հարիւրը տեղեակ էր յուլիսի վերջին – օգոստոսի սկիզբին հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ լարուածութեան մասին: Մանրամասն տեղեկութիւններուն կը տիրապետէր անոնց ընդամէնը 10 առ հարիւրը, իսկ մնացեալ 35-ը «որոշ բան լսած էին»: Հարցուողներուն 52 առ հարիւրը առհասարակ տեղեակ չէր, որ իրավիճակը այնտեղ լարուած եղած է:
Պէտք է աւելցնել, որ Ռուսիոյ դաշնային պատկերասփիւռի կայաններու ուշադրութեան կեդրոնը Ուքրանիան է, եւ վերջին լարուածութեան ամէնէն թեժ օրերուն նոյնիսկ չէին անդրադառնար Լեռնային Ղարաբաղին:
Ուշագրաւ է, որ ղարաբաղեան տագնապի վերաբերեալ համեմատաբար աւելի տեղեակ են 50 տարիքը անց ռուսերը:
Հարցախոյզը կատարուած է 16 եւ 17 օգոստոսին Ռուսիոյ դաշնութեան 12 մարզերուն մէջ, եւ անոր մէջ ընդգրկուած են 1600 անձեր:

