Անդրադարձ. Բարդ Եւ Սխալ Հիմնաւորուած Հարց Մը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թրքական «Անհիմն հայկական պնդումներու դէմ պայքարի» միութեան` ԱՍԻՄՏԵՐ-ի նախագահը Իգտիրի մէջ 11 միութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու անունով տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսած է, թէ Թուրքիոյ հայ քաղաքացիները ազատօրէն կը մասնակցին իրենց եկեղեցիներու արարողութիւններուն, եւ Հայաստանէն նոյն իրաւունքը պահանջած է Թուրքիոյ մէջ բնակող իսլամներուն համար: Անոնք միութիւններուն անունով դիմած են Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ արտօնութիւն խնդրած` 5 սեպտեմբերին Երեւան երթալով Կապոյտ մզկիթին մէջ ուրբաթ օրուան նամազ կատարելու համար: Աւելի՛ն, անոնք Հայաստանէն ապահովական երաշխիքներ պահանջած են:
Դիմումին հիմնաւորումը սխալ է: Թուրքիոյ հայ քաղաքացիները իրենց եկեղեցիներուն մէջ արարողութիւններուն ազատօրէն կը մասնակցին այն պարզ պատճառով, որ իրենք այդ երկրին քաղաքացիներն են, եւ սկզբունքով այդ մէկը իրենց բնական իրաւունքն է, իսկ Թուրքիոյ իսլամ քաղաքացիները Հայաստանի քաղաքացիներ չեն, ուստի կարելի չէ երկուքը նոյն նժարին վրայ դնել կամ հայերուն նկատմամբ ցուցաբերուած «հանդուրժողութեան» դիմաց գին պահանջել:
1 հոկտեմբեր 2010-ին Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի ղեկավարութեամբ հարիւրաւոր թուրքեր Անիի Մայր տաճարին մէջ նամազ կատարեցին: Եթէ փոխադարձութեան հարց կայ, ապա այս պարագային աւելի հիմնաւորուած է հետեւեալ հարցումը. «Թուրքիոյ հայ, յոյն, ասորի կամ հրեայ քաղաքացիներն ալ իրենց կարգին իրաւունք ունի՞ն մզկիթի մը մէջ պատարագ մատուցելու»:
Թէեւ ոեւէ զբօսաշրջիկ կրնայ առանց որեւէ արգելքի այցելել մզկիթ եւ նամազ ընել, այս պարագային պէտք է զգուշ ըլլալ, որովհետեւ ի տարբերութիւն Աղթամարի Ս. Խաչ թանգարան-եկեղեցւոյ, ուր «մեծահոգաբար» հայերուն արտօնութիւն տրուած է տարին մէկ անգամ պատարագ մատուցելու, Երեւանի Կապոյտ մզկիթը կանոնաւոր կերպով գործող մզկիթ մըն է, որ կառուցուած է 1764-ին կամ 1768-ին` պարսկական տիրապետութեան օրերուն, Երեւանի խանութեան կառավարիչ Հիւսէյն Ալի խանի նախաձեռնութեամբ: Այլ խօսքով` Հայաստանի անկախացումէն ետք Իրանի կառավարութեան ֆինանսաւորումով նորոգուած այս մզկիթը շիիական է, իսկ թուրքերը սիւննի են: Ասիկա նուրբ հարց մըն է, որուն մէջ Հայաստանի իշխանութիւններուն իրաւասութիւնները, մանաւանդ բարոյական գետնի վրայ, սահմանափակ են, որովհետեւ հարցը նաեւ կը վերաբերի Իրանի, որուն իշխանութիւնները դժուար թէ համամիտ ըլլան սիւննիներու` Կապոյտ մզկիթ «ներխուժման»: Իսկ եթէ նպատակը Իգտիրի շրջանին մէջ բնակող շիի ազրպէյճանցիները Երեւան «գործուղելն» է, ապա Հայաստանն է, որ ապահովական երաշխիք պէտք է պահանջէ եւ ոչ թէ թուրքերը: Դիմում ներկայացնող կողմին ինքնութեան լոյսին տակ` այդ երաշխիքը ամէն պարագայի հրամայական է: Այլ հարց, թէ այդ երաշխիքը «քանի՞ փարա» կ՛արժէ:

