Հայաստան Իբրեւ Երրորդ Կողմ Պիտի Ներգրաւուի Փերինչեքի Գործին Մէջ

0825_european-courtՀայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազի մամլոյ բանբեր Քրիստինէ Մելքոնեան «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանին պաշտօնական դիմում ներկայացուցած է, որպէսզի իբրեւ երրորդ կողմ ներգրաւուի թուրք ազգայնական գործիչ Տողու Փերինչեքի գործին մէջ:

Մելքոնեան ըսած է, որ դիմում ներկայացնելու ժամկէտը մինչեւ 26 օգոստոս է, եւ Հայաստան, օգտագործելով իր իրաւունքը, համապատասխան փաստաթուղթերը արդէն ուղարկած է Սթրասպուրկ:

15 յուլիսին Հրազդանի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան ըսած էր, որ հայկական կողմը տրամադրուած է լուրջ եւ վճռական, ու ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ստեղծուի փաստաբանական խումբ` գործին մէջ յաջողութեան հասնելու համար:

9 մարտ 2007-ին զուիցերիական դատարանը երկրին քրէական օրէնսգիրքին 216-րդ յօդուածով դատապարտած էր թուրք ազգայնական Տողու Փերինչեքը` Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար` զայն ենթարկելով նիւթական եւ քրէական պատասխանատուութեան: Վոյի քանթոնի վերաքննիչ դատարանը եւ դաշնակցային գերագոյն դատարանը մերժած էին 9 մարտի դատավճիռին դէմ ներկայացուած բողոքը:

17 դեկտեմբեր 2013-ին Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի իրաւասու պալատը հաստատած է դատավճիռ, ըստ որուն, զուիցերիական դատարանները խախտած են բողոքարկողի` Փերինչեքի խօսքի ազատութեան իրաւունքը: Զուիցերիոյ արդարադատութեան դաշնակցային գրասենեակը 11 մարտին հաղորդած էր, որ Զուիցերիան կը պատրաստուի դիմելու Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին` Փերինչեքի գործը Գերագոյն պալատին կողմէ վերանայելու պահանջով: Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը գործը Գերագոյն պալատ ուղարկած էր 17 մարտին: Կը նախատեսուի, որ Փերինչեքի գործով առաջին դատական նիստը տեղի ունենայ 5 նոյեմբերին:

 

Share this Article
CATEGORIES