Յունաստանի Խորհրդարանը Այսօր Եւ Վաղը Պիտի Քննարկէ Ցեղասպանութեան Հերքումը Պատժող Օրինագիծը

0825_Greece«News.am» կայքը կը հաղորդէ, որ Յունաստանի խորհրդարանը այսօր եւ վաղը պիտի քննարկէ ցեղապաշտութեան հիման վրայ բռնութեան հրահրման մասնակից քաղաքական կուսակցութիւններու եւ անհատներու համար խստացուող պատիժներու առնչուող նոր օրինագիծը:

Օրինագիծին համաձայն, ցեղապաշտութիւն քարոզող կուսակցութիւնները կամ խմբաւորումները 1-6 ամիսով պիտի զրկուին որեւէ տեսակի պետական օժանդակութենէ:

Արդարադատութեան նախարարը կրնայ նաեւ 10-100 հազար եւրօ տուգանք սահմանել ցեղապաշտութիւն քարոզող անձերուն, իսկ ուղղակի ցեղապաշտական արարքներու մասնակիցները կրնան 3 ամիսէն մինչեւ 3 տարուան բանտարկութեան եւ 5-20 հազար եւրօ տուգանք վճարելու դատապարտուիլ:

Արդարադատութեան նախարարութիւնը նկատի պիտի առնէ Նոր ժողովրդավարութիւն խմբակցութեան 38 երեսփոխաններուն կողմէ ներկայացուած այն առաջարկը, ըստ որուն, օրինագիծին մէջ յստակօրէն պէտք է նշուի Սեւ ծովու եւ Փոքր Ասիոյ շրջաններուն մէջ յոյներու, ինչպէս նաեւ հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութեանց հերքումը` իբրեւ ցեղապաշտութեան դրսեւորում:

Share this Article
CATEGORIES